«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր յաջորդական 8-րդ մրցումը յաղթեց 1976-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով:
Տարիըս Կարլենտ 39 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քեվելիրզի, որ 116-114 արդիւնքով յաղթեց Միլուոքի Պաքսին, որ կը խաղար առանց իր վիրաւոր յոյն աստղ Եաննիս Անթեթոքումփոյի:
Մրցումին վերջին մասին կը կարծուէր, թէ Միլուոքի տարեշրջանի առաջին պարտութեան պիտի մատնէ Քլիվլենտը, որ սակայն վերջին 6 վայրկեաններուն 18-8 արդիւնքով գերազանցեց Պաքսը, եւ Կարլենտ 3 կէտնոց կարեւոր կողով մը նշանակեց մրցումի աւարտէն 45 երկվայրկեան առաջ, անդին Ճերըթ Էլըն, որ 14 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր, շատ կարեւոր պլոք մը կատարեց Տեմիըն Լիլըրտի վրայ` վերջին երկվայրկեաններուն:
Լիլըրտ 36 կէտ նշանակեց, սակայն նոյն պահուն 8 թըրնօվըր ալ կատարեց: Պոպի Փորթիս (21 կէտ եւ 18 ռիպաունտ) եւ Էյ. Ճէյ. Կրին (21 կէտ) բաւական լաւ մրցում ունեցան Պաքսի կողմէ:
Էվըն Մոպլի (17 կէտ) եւ Տոնավըն Միչել (14 կէտ) բաւական լաւ էին, մանաւանդ մրցումի վերջին վայրկեաններուն:
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր կարգին կը մնայ անյաղթ եւ երէկ իր 7-րդ մրցումը կատարեց` Օրլանտօ Մեճիքի դէմ տանելով 7-րդ յաղթանակը 102-86 արդիւնքով: Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 21 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Թանտըրի:
Ֆինիքս Սանզ տարեշրջանի իր 7-րդ մրցումին կրցաւ 6-րդ յաղթանակը արձանագրել Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի դէմ, որ տակաւին կը խաղայ առանց Ժոել Էմպիիտի, մինչ Փոլ Ճորճ իր առաջին մրցումը ունեցաւ 76-ըրզի հետ:
Սանզ 118-116 արդիւնքով յաղթեց, եւ Քեւըն Տիւրենթ 35 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սանզի, մինչ Պրետլի Պիլ (17 կէտ), Եուսուֆ Նուրքիչ (15 կէտ եւ 15 ռիպաունտ), Ռոյս Օ՛Նիլ (15 կէտ), Կրէյսըն Էլըն (14 կէտ) եւ Տեւըն Պուքըր (13 կէտ) խմբային խաղով գերազանցեցին Ֆիլատելֆիան:
Թայրիս Մեքսի 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիոյ, մինչ Փոլ Ճորճ 15 կէտ նշանակեց իր առաջին մրցումին:
Եութա Ճեզ յաջորդական 6 մրցումներ պարտուելէ ետք վերջապէս արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը Շիքակոյի մէջ, տեղւոյն Պուլզի դէմ, 135-126 արդիւնքով:
Ճոն Քոլինզ 28 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ճեզի, մինչ Քիոնթէ Ճորճ (33 կէտ, 9 էսիսթ) եւ Քոլին Սեքսթըն (24 կէտ) եղան իրենց լաւ օրերուն մէջ` օգնելով Ճեզի յաղթանակին:
Քոպի Ուայթ (28 կէտ), Այօ Տոսունմու (25 կէտ) եւ Նիքոլա Վուչեւիչ (23 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եղան Պուլզի լաւագոյնները, մինչ Պուլզէն կը բացակայէին Զեք Լըվին եւ Լոնզօ Պոլ:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 103-115 արդիւնքով պարտուած վերադարձաւ Տիթրոյիթ Փիսթընզի դաշտէն:
Անթոնի Տէյվիս 37 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզի, մինչ Քէյտ Քանինկհեմ թրիփըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 17 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ:
Տալաս Մեւրիքս Թեքսասի մէջ 134-127 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ինտիանա Փէյսըրզէն: Մայլզ Թըրնըր 30 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ինտիանայի: Լուքա Տոնչիչ 34 կէտ եւ 15 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Քայրի Ըրվինկ` 27 կէտ, իսկ Նաժի Մարշըլ 20 կէտ ի նպաստ Տալասի, որ 3-րդ պարտութիւնը կրեց 7 մրցումներու ընթացքին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 112-12
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Միլուոքի Պաքս 116-114
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 115-103
Աթլանթա Հոքս – Պոսթըն Սելթիքս 93-123
Պրուքլին Նեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ 106-104
Մայեմի Հիթ – Սաքրամենթօ Քինկզ 110-111
Շիքակօ Պուլզ – Եութա Ճեզ 126-135
Հիուսթըն Ռոքեթց – Նիւ Եորք Նիքս 109-97
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Չարլոթ Հորնեթց 114-93
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Օրլանտօ Մեճիք 102-86
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 100-118
Տալաս Մեւրիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 127-134
Տենվըր Նակեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 121-119
Ֆինիքս Սանզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 118-116
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 113-104


