Բազկամարտի աշխարհի ախոյեան Ազատ Սրապեանին միջազգային մրցաշարքերու իր տարած լուրջ յաղթանակներուն առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարին կողմէ շնորհուեցաւ «Միջազգային կարգի մարմնակրթութեան վարպետ»-ի կոչում:
Գեղարքունիքի մարզի Մարտունիի համայնքապետարանի աշխատակազմը յայտնած էր «Արմէնփրես»-ին, թէ Ազատ Սրապեան ծնունդով Մարտունի համայնքի վերջին Գետաշէն գիւղէն է: Սրապեան 70 քկ կշիռի մրցումներուն 10 անգամ շահած է Հայաստանի ախոյեանութիւնը, մասնակցած էր 15-էն 25 օգոստոս տեղի ունեցած Քիշինեւի (Մոլտովա) միջազգային բազկամարտի ախոյեանութեան, որուն մասնակցած էին 62 երկիրներ: 25 օգոստոսին ան աջ ձեռքով գրաւած էր առաջին դիրքը` դառնալով աշխարհի ախոյեան, իսկ ձախ ձեռքով` պրոնզէ մետալակիր:
Ազատ Սրապեան նաեւ համահայկական խաղերու եռակի ախոյեան է, Պալթիքայի բաժակի ախոյեան, 2018-ին Ս. Փեթերսպուրկի մրցաշարքի ախոյեան, 2023-2024 տարիներուն ալ Եւրոպայի փոխախոյեան: «Վստահաբար անոր նման մարզիկ մը արժանի էր միջազգային կարգի մարմնակրթութեան վարպետի կոչման, ինչ որ մեր համայնքի մարզական կեանքին համար մեծ ձեռքբերում եւ հպարտութեան առիթ: Համոզուած ենք, որ ան ապագային ալ բարձր կը պահէ մեր հայրենիքի պատիւը` միջազգային տարբեր մրցաշարքերուն», ըսաւ Մարտունիի համայնքապետարանի աշխատակազմի ներկայացուցիչը: