Սպանիոյ Ռէալ Սոսիետատի հայազգի միջնապահ Արսէն Զախարեան կը մարզուի ընդհանուր խումբին հետ եւ կը պատրաստուի ախոյեանութեան մասնակցելու իր առիթին:
Զախարեանի ներկայացուցիչ Կենատի Կոլուփին յայտնած է, որ ան 100 տոկոս պատրաստ է եւ կրնայ 14 նոյեմբերին Սպանիոյ բաժակի Էսփանիոլի դէմ մրցումին արդէն դաշտ ներկայանալ:
«Արսէնի հետ ամէն ինչ դասաւորուած է: Ան բնական կը մարզուի ընդհանուր խումբին հետ մարզավիճակ ձեռք ձգելով: Յոյսով ենք, որ ան պատրաստ կ՛ըլլայ բաժակի յետաձգուած խաղին, բայց ան Պարսելոնայի դէմ պիտի չխաղայ», նշած է Կոլուփին:
Արսէն Զախարեան յուլիսի կէսերուն վիրաւորուած էր ամրան նախապատրաստական մրցումներու ընթացքին: