«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, օր մը դադարէ ետք` Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան պատճառով, եւ իր 9-րդ մրցումին Քլիվլենտ Քեվելիրզ մրցանիշ իրագործեց իր 9-րդ յաղթանակը տօնելով, Լուիզիանայի մէջ յաղթելով տեղւոյն Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի: Քլիվլենտի 55 տարուան պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ խումբը այսքան յաջող ձեւով կը սկսի տարեշրջանը:
Տոնավըն Միչել 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քեվելիրզի, մինչ Ճերըթ Էլըն (16 կէտ եւ 14 ռիպաունտ), Քարիս Լըվերթ (16 կէտ), Էվըն Մոպլի (15 կէտ եւ 9 ռիպաունտ) եւ Տարիըս Կարլընտ (14 կէտ եւ 9 էսիսթ) եղան Քլիվլենտի լաւագոյն մարզիկները:
Փելիքընզի լաւագոյն մարզիկն էր Զայըն Ուիլիամսըն, որ 29 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Թրամփ նախագահ չընտրուած Օքլահոմա Սիթի Թանտըր պարտութիւն չէր կրած` յաղթելով իր 7 մրցումները, սակայն երէկ Տենվըրի իր այցելութիւնը շատ հաճելի չէր, ուր 122-124 արդիւնքով պարտուեցաւ տեղւոյն Նակեթցէն:
Նիքոլա Եոքիչ թրիփըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 23 կէտ, 20 ռիպաունտ եւ 16 Էսիսթ, սակայն Տենվըրի օրուան հերոսը կը նկատուի Փեյթըն Ուաթսըն, որ վերջին երկվայրկեանին շատ կարեւոր պլոք ըրաւ Շէյ Կիլճիըս – Ալեքզանտրի հարուածը: Ուաթսըն աւելի կանուխ առիթ ունէր աւարտել մրցումը, երբ աւարտէն 16 երկվայրկեան առաջ զոյգ ազատ հարուածներ ունէր, սակայն… ձախողեցաւ զանոնք նշանակել, բայց ինչպէս նշեցինք, եղաւ Տենվըրի «փրկարարը»` պլոք ընելով վերջին երկվայրկեանին:
Ճէյլըն Ուիլիամս 29 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Շէյ 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի, որ պաշտպանողական գետնի վրայ լաւ չէր` ստանալով 69 կէտ Բ. կիսախաղին:
Ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս իր դաշտին վրայ կրեց տարեշրջանի երկրորդ պարտութիւնը` 118-112 արդիւնքով պարտուելով Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն: Սթեֆ Քըրրի 27 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուորիըրզի, մինչ Ճէյսըն Թէյթըմ 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սելթիքսի:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 114-131 արդիւնքով պարտուած վերադարձաւ Մեմֆիս Կրիզլիզի դաշտէն, հակառակ Լըպրոն Ճէյմսի 39 կէտերուն: Ճա Մըրենթ 20 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մեմֆիսի:
Լուքա Տոնչիչ 27 կէտ եւ 13 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Տալաս Մեւրիքսի, որ 119-99 արդիւնքով յաղթեց Շիքակօ Պուլզին: Նիքոլա Վուչեւիչ 14 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պուլզին:
Ֆինիքս Սանզ շարունակեց իր յաղթական երթը եւ 115-112 արդիւնքով յաղթեց Մայեմի Հիթին: Քեւըն Տիւրենթ 32 կէտ նշանակեց, մինչ Եուսուֆ Նուրքիչ 20 կէտ եւ 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Սանզի, որ 15 կէտով ետ կը մնար Հիթէն, բայց վերադարձաւ մրցումի մթնոլորտին` արձանագրելով յաջորդական 6-րդ յաղթանակը: Թայլըր Հերրօ 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մայեմիի:
Փոլ Ճորճ կը վերադառնար Լոս Անճելըս, սակայն Ֆիլատելֆիոյ շապիկով մրցելու իր նախկին խումբին` Քլիփըրզի դէմ: Ճորճ 18 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, սակայն առանց Ժոել Էմպիիտի, Ֆիլատելֆիա բաւական դժուարութիւն կ՛ունենայ: Լոս Անճելըս Քլիփըրզի լաւագոյն մարզիկն էր Նորմըն Փաուըլ, որ 26 կէտ նշանակեց, մինչ Ճէյմս Հարտըն` բաւականացաւ 18 կէտով:
Մրցումը յաղթեց Քլիփըրզ` 110-98 արդիւնքով, ուր Ֆիլատելֆիա կրեց իր 6-րդ պարտութիւնը (7 մրցումներու ընթացքին), մինչ Քլիփըրզ իր 8 մրցումներուն միայն կէսին կրցած է յաղթել:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 118-111
Չարլոթ Հորնեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 108-107
Պոսթըն Սելթիքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 112-118
Աթլանթա Հոքս – Նիւ Եորք Նիքս 121-116
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 122-131
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 131-114
Հիւսթըն Ռոքեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 127-100
Տալաս Մեւրիքս – Շիքակօ Պուլզ 118-99
Ֆինիքս Սանզ – Մայեմի Հիթ 115-112
Տենվըր Նակեթց – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 124-122
Սաքրամենթօ Քինկզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 122-107
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 110-98


