Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիվլենտ Արձանագրեց Իր 12-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Արձանագրեց Իր 12-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր յաջող երթը շարունակեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ` յաջորդական իր 12-րդ մրցումը յաղթելով: Այս անգամ Քլիվլենտի մրցակիցը եղաւ Շիքակօ Պուլզ, որ 113-119 արդիւնքով տեղի տուաւ Տոնավըն Միչելի եւ ընկերներուն առջեւ: Միչել 36 կէտ նշանակեց, մինչ Էվըն Մոպլի 15 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Տարիըս Կարլենտ 17 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քլիվլենտի, որ առաջին մասին ետ կը մնար...

Նեւիլ. «Փրեմիեր Լիկ»-ը Ամօթի  Կրնայ Մատնուիլ…»

Նեւիլ. «Փրեմիեր Լիկ»-ը Ամօթի Կրնայ Մատնուիլ…»

Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Անգլիոյ ազգային խումբի նախկին յետսապահ Կերի Նեւիլ խօսած է Մանչեսթըր Սիթիի նիւթական կանոններու 115 խախտումներու մեղադրանքներուն մասին: «Փախուստի տեղ չկայ: Եթէ Մանչեսթըր Սիթի մեղաւոր ճանչցուի, անիկա լուրջ հարցերու առջեւ կրնայ գտնուիլ: Բայց նախ պէտք է աւարտել գործընթացը, եւ այդ մէկը պէտք է արագ ըլլայ, քանի որ ամէն ինչ կը ձգձգուի տարիներով: Եթէ այսպիսի հարցեր արագ չլուծուին, ամօթ...

Ամորիմ Հասաւ Մանչեսթըր

Ամորիմ Հասաւ Մանչեսթըր

Երէկ փորթուգալցի մարզիչ Ռուպեն Ամորիմ պաշտօնապէս ստանձնեց Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր մարզիչի պարտականութիւնը` ժամանելէ ետք Անգլիա: Ռուտ Վան Նիսթելրոյ իր կարգին հեռացաւ Եունայթըտէն, երբ յայտնի եղաւ, թէ ան մաս չի կազմեր Ամորիմի մարզչական խմբակին: Թեն Հակի հեռանալէն ետք, գլխաւոր մարզիչի պարտականութիւնները կատարած էր Եունայթըտի նախկին յառաջապահ Վան Նիսթելրոյը, որուն հետ Եունայթըտ 4 մրցումներ կատարած էր` յաղթելով 3 մրցում եւ հաւասարելով մէկ...

Ռէալ Մատրիտ Պաշտպան Կը Փնտռէ

Ռէալ Մատրիտ Պաշտպան Կը Փնտռէ

Ռէալ Մատրիտ այս տարեշրջանի սկիզբէն հարցեր ունի պաշտպանողական գիծին վրայ, ուր աւստրիացի Տաւիտ Ալապա անցեալ եղանակի կէսէն ֆութպոլ չէ խաղցած վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, իսկ Տանի Քարվախալ 5 հոկտեմբերին ծունկի ետեւի խաչաձեւ կապերը պատռեց եւ «փակեց» այս տարեշրջանը: Անցեալ շաբաթ օր պրազիլցի Էտեր Միլիթաօ իր կարգին վիրաւորուեցաւ եւ Քարվախալի նման խաչաձեւ կապերը պատռելով երկար ժամանակ հեռու պիտի մնայ դաշտերէն: Ռէալ լրջօրէն...

Անգլիացի Իրաւարար  Տէյվիտ Քութ Կախակայուած

Անգլիացի Իրաւարար Տէյվիտ Քութ Կախակայուած

Անգլիոյ մէջ ամօթալի իրավիճակ ստեղծուեցաւ, երբ իրաւարար Տէյվիտ Քութ ընկերային ցանցերու վրայ ունեցած էր տհաճ ելոյթ մը, որուն ընթացքին քննադատած եւ վարկաբեկած էր Լիվըրփուլի նախկին մարզիչ գերմանացի Եուրկըն Քլոփը: «Քլոփը տխմար է, ան ապուշ գերմանացի մըն է: Ան Պըրնլիի դէմ մրցումէն ետք մօտեցաւ եւ մեղադրեց զիս ստելու պատճառով: Ինծի չի հետաքրքրեր նման ամբարտաւան գերմանացիի մը հետ խօսիլը», ըսաւ Քութ, որ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Սոսիետատ Անակնկալի Բերաւ Պարսելոնան. Ինթեր Միլան – Նափոլի 1-1

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սոսիետատ Անակնկալի Բերաւ Պարսելոնան. Ինթեր Միլան – Նափոլի 1-1

Եւրոպական լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններուն, կիրակի գիշեր «տաք» մրցումներ տեղի ունեցան մանաւանդ Սպանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ: Ռէալ Սոսիետատ տպաւորիչ մրցումով մը կրցաւ պարտութեան մատնել Հանզի Ֆլիքի մարզած Պարսելոնան` 1-0 արդիւնքով: 7 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելէ ետք, Պարսելոնա բաւական ինքնավստահ դաշտ ներկայացած էր եւ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը: Ռոպերթ Լեվանտովսքի նաեւ նշանակեց կոլ մը, որ սակայն օֆ-սայտ նկատուեցաւ իրաւարարին կողմէ: Այս կոլէն ետք...

Սամպօ.  Հայ Մարզիկները 2 Արծաթէ Եւ 3 Պրոնզէ Մետալներ Շահեցան

Սամպօ. Հայ Մարզիկները 2 Արծաթէ Եւ 3 Պրոնզէ Մետալներ Շահեցան

Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցաւ Սամպոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Հայաստանը ներկայացնող մարզիկները շահեցան 2 արծաթէ եւ 3 պրոնզէ մետալներ: 98 քկ կշիռի Արսէն Խանճեան եւ 64 քկ կշիռի Մայիս Ներսէսեան դարձան աշխարհի փոխախոյեաններ` շահելով արծաթ մետալներ: Պրոնզէ մետալներ շահեցան Համլեթ Սուքիասեան (58 քկ), Արմէն Աւանէսեան (98 քկ) եւ Աննա Մկրտչեան (80 քկ):  

Ճատրակ.  Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը Սկսաւ

Ճատրակ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը Սկսաւ

Մոնթենեկրոյի Փեթրովաչ քաղաքին մէջ սկսաւ Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը: Ախոյեանութեան կը մասնակցին 42 երկիրներէ 395 մարզիկներ: Հայաստան կը մասնակցի 20 անդամներով` մեծ վարպետ Հայկ Մարտիրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Արամ Յակոբեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Էմին Օհանեան, Մամիկոն Ղարիպեան, միջազգային վարպետ Ռոպերթ Փիլիպոսեան, ՖԻՏԷ-ի վարպետներ Բենիկ Ակասարով, Էրիք Գասպարեան, Վաչէ Յովակիմեան, Հայկ Երիցեան, ինչպէս նաեւ Դաւիթ Գէորգեան, Վահան Նալպանտեան, Մանուէլ...

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Կրասնոտար Հաւասարեցաւ, Բայց Մնաց Առաջին

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Կրասնոտար Հաւասարեցաւ, Բայց Մնաց Առաջին

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն պարագլուխի դիրքը գրաւող Կրասնոտար 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն կնքեց Ռուպին Քազանի հետ` այս վերջինիս դաշտին վրայ: Սերպ Նիքոլա Չումիչ նշանակեց Ռուպինի կոլը 18-րդ վայրկեանին, մինչ յառաջապահ Միրլինտ Տաքու 31-րդ վայրկեանին չկրցաւ փենալթի մը նշանակել ի նպաստ Ռուպինի: 53-րդ վայրկեանին Ալեքսանտր Չերնիքով նշանակեց Կրասնոտարի հաւասարութեան կոլը: Կրասնոտարի խմբապետ Էտուարտ Սփերձեան վերջին վայրկեանին թաքըլով գնդակը խլեց մրցակիցէ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Սանզ Առանց Տիւրենթի Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Սանզ Առանց Տիւրենթի Պարտուեցաւ

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ Ֆենիքս Սանզ առանց վիրաւոր Քեւին Տիւրենթի կրեց տարեշրջանի իր 2-րդ պարտութիւնը, երբ երկարաձգման ընթացքին 127-118 արդիւնքով պարտուեցաւ Սաքրամենթօ Քինկզէն: Մրցումը աւարտած էր 111-111 արդիւնքով, սակայն Քինկզ 5 վայրկեաններու ընթացքին 16 կէտ նշանակեց Սանզի 7-ին դիմաց եւ յաղթեց: Տըմար Տըրոզըն 34 կէտ նշանակեց, մինչ Տը՛Արոն Ֆոքս 21 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: 20...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Կուարտիոլա 4-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը Կրեց Սիթիի Հետ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Կուարտիոլա 4-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը Կրեց Սիթիի Հետ

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի շաբաթ օր 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պրայթընէն այս վերջինիս դաշտին վրայ, եւ այժմ 5 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլէն: Սիթիի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա, որ 2008-էն սկսած է իր մարզիչի ասպարէզը Պարսելոնայի հետ, բնաւ 4 յաջորդական պարտութիւն չէր կրած իր մարզած 3 խումբերուն հետ (Պարսելոնա, Պայերն Միւնիխ եւ Մանչեսթըր Սիթի): «Հիմա...

Ճատրակ.  Ալեքս Սահակեան 12-րդ Դիրքը Գրաւեց

Ճատրակ. Ալեքս Սահակեան 12-րդ Դիրքը Գրաւեց

Երէկ վերջ գտաւ Ֆլորիանոփոլիսի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունեցած ճատրակի երիտասարդներու եւ պատանիներու տարիքային աշխարհի ախոյեանութիւնը: 18 տարեկանէն վար տղոց մրցումներուն Ալեքս Սահակեան գրաւեց 12-րդ դիրքը` 7 կէտեր ապահովելէ ետք կարելի 11-էն: Առաջին դիրքը գրաւեց ռուս Ալեքսի Կրեպնեւ (թիւ 1 դասուած)` 9 կէտ ձեռք ձգելով: Ղազախ Ալտիար Անսաթ 8,5 կէտ ձեռք ձգեց` գրաւելով 2-րդ դիրքը: Արսէն Դաւթեան 6,5 կէտ ձեռք ձգեց...

Թենիս.  Քոքօ Կաֆ Պայքարի Մեծ Ոգի Ցուցաբերեց` Շահելով Աղջկանց «Մասթըրզ»-ը

Թենիս. Քոքօ Կաֆ Պայքարի Մեծ Ոգի Ցուցաբերեց` Շահելով Աղջկանց «Մասթըրզ»-ը

20 տարեկան Քոքօ Կաֆ դարձաւ աղջկանց «Մասթըրզ» մրցաշարքի ախոյեան` յաղթելով Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Ժենկ Քինուենի (22 տարեկան), Ռիատի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունեցած մրցաշարքին: Ամերիկացի թենիսվումըն Կաֆ, որ եղաւ ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ կը շահէր «Մասթըրզ»-ը վերջին 20 տարիներուն, 6-3 եւ 3-1 արդիւնքով կը պարտուէր, բայց կրցաւ պայքարի բարձր ոգի ցուցաբերել եւ շահիլ: «Շատ մեծ իմաստ ունի այս յաղթանակը: Աղջկանց...

«Էմ. Էլ. Էս.».  Աթլանթա Եունայթըտ Դուրս Ձգեց  Մեսսիի Ինթեր Մայեմին

«Էմ. Էլ. Էս.». Աթլանթա Եունայթըտ Դուրս Ձգեց Մեսսիի Ինթեր Մայեմին

Լիոնել Մեսսիի երազը` շահիլ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի տիտղոսը, անկատար մնաց, երբ Ինթեր Մայեմի դուրս մնաց փլէյ-օֆի առաջին հանգրուանէն: Ինթեր, որ առաջին ճակատումին 2-1 արդիւնքով յաղթական դուրս եկած էր, երկրորդ ճակատումին նոյն արդիւնքով պարտուած էր Աթլանթա Եունայթըտէն: Երէկ Մայեմիի մէջ Ինթեր առաջին կոլը նշանակեց Մաթիաս Ռոխասի շնորհիւ, որ նշանակեց 17-րդ վայրկեանին, երբ Մեսսիի հարուածին զսպուելէն ետք Աթլանթայի բերդապահ Պրետ Կուզանի կողմէ,...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիվլենտ 11-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ 11-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթավերջին Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր 11-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց` 105-100 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պրուքլին Նեթցի: Էվըն Մոպլի (23 կէտ եւ 16 ռիպաունտ), Տոնավըն Միջել (22 կէտ) եւ Տարիըս Կարլընտ (20 կէտ) եղան Քլիվլենտի լաւագոյնները: Քամերոն Ճոնսըն (23 կէտ), Քեմ Թոմաս (22 կէտ) եւ Տենիս Շրէօտըր (22 կէտ) եղան Պրուքլինի լաւագոյնները: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 116-106 արդիւնքով...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Վաղը` Չելսի – Արսենալ Եւ Ինթեր – Նափոլի

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Չելսի – Արսենալ Եւ Ինթեր – Նափոլի

Եւրոպական լաւագոյն 5 լիկաներու շաբաթավերջի մրցումներուն, Անգլիոյ մէջ «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լոնտոնի տերպին տեղի պիտի ունենայ վաղը Չելսիի եւ Արսենալի միջեւ: Պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ այսօր պիտի հիւրընկալէ Ասթոն Վիլան, մինչ 8-րդ դիրքը գրաւող Պրայթըն պիտի հիւրընկալէ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին: Իտալիոյ մէջ «գագաթի մրցում»-ը` իրար դէմ պիտի հանէ ախոյեան Ինթեր Միլանը (այժմ 2-րդ) եւ առաջին դիրքը գրաւող Նափոլին:...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Քոնֆերենս Լիկ».  Չելսի – Նոա` 8-0

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Քոնֆերենս Լիկ». Չելսի – Նոա` 8-0

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ի 3-րդ շաբթուան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Նոա բաւական դժուար մրցում ունէր կատարելիք Լոնտոնի Չելսիին դէմ: Սթեմֆորտ Պրիճի մէջ տեղի ունեցած մրցումը յստակօրէն մակարդակի հսկայ տարբերութիւն ունէր, եւ Չելսի 8 անպատասխան կոլեր նշանակեց հայկական բերդին մէջ: Չելսի շատ աւելի արագ եւ ազդու ֆութպոլ կը խաղար: Անշուշտ շատ դժուար կ՛ըլլայ բաղդատել ակումբ մը, որ 963 միլիոն եւրօ...

Փոխանցումներու Աշխարհէն

Փոխանցումներու Աշխարհէն

Միջազգային թերթերը եւ լրագրողները միշտ կը պրպտեն խումբերու կամ մարզիկներու կարգավիճակը իրենց ակումբներուն մէջ եւ հաւանական փոխանցումներու մասին տեղեկութիւններ կը քաղեն: - Յառաջիկայ տարի, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կրնայ իր ակումբը փոխել: Նասրի յառաջապահ Ռոնալտոյով հետաքրքրուած է Հիլալ ակումբը: Ըստ սպանական «Սփորթ»-ի, սէուտական ակումբը կը ցանկայ զայն տեսնել Հիլալի շապիկով` իբրեւ Նէյմարը փոխարինող: Պրազիլցի Նէյմար ձմրան կրնայ հեռանալ Հիլալէն, որուն հետ պայմանագիրը...

Պայերն Միւնիխի «Ուլթրաս»-ները  Պոյքոթի Կոչ Կ՛ուղղեն

Պայերն Միւնիխի «Ուլթրաս»-ները Պոյքոթի Կոչ Կ՛ուղղեն

Պայերն Միւնիխի «տաք» եւ ծայրայեղ համակիրները` «Ուլթրաս»-ները կոչ ուղղած են պոյքոթի ենթարկելու Շախթիոր Տոնեցքի դէմ Պայերն Միւնիխի «Չեմփիընզ լիկ»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումը: Պատճա՞ռը... մուտքի գինը կը սկսի 150 եւրոյէն սկսեալ: Գերմանական ակումբներ յաճախ կը դժգոհէին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի այս որոշումներէն, երբ «կարգ մը խումբերու» համակիրներու համար տարբեր գիներ կ՛որոշուին: 10 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք մրցումը Տոնեցքի մէջ չէ, որ տեղի...

«Էն. Պի. Էյ.»  Մինեսոթա – Շիքակօ` 135-119

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա – Շիքակօ` 135-119

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ, որուն մարզիչ Քրիս Ֆինչ վերջերս յայտնած էր, որ 8 հիմնական մարզիկներ ունի, որոնք բոլորն ալ լաւ վիճակի մէջ են եւ կ՛արժեն լաւագոյն 5-էն ըլլալ, կրցաւ բոլորէն օգտուիլ եւ 135-119 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ արձանագրել Շիքակօ Պուլզի դաշտին վրայ: Շիքակօ Պուլզ աւելի լաւ սկսաւ մրցումը եւ առաջին կիսախաղին 13 կէտի առաւելութիւն մըն ալ...

Page 161 of 1275 1 … 160 161 162 … 1,275

Արխիւներ