Սպանիոյ «հսկայ» Ռէալ Մատրիտ ակումբը 15 տարիէ ի վեր այսքան վատ ժամանակ չէր անցուցած: Ակումբը 2 յաջորդական պարտութիւն կրեց Սանթիակօ Պեռնապէոյի մէջ, ստանալով երեք եւ աւելի կոլեր: 15 տարի առաջ Ռէալ Պարսելոնայէն (2-6) եւ Մայորքայէն (1-3) պարտութիւններ կրած էր: Այժմ Ռէալ Պարսելոնայէն (0-4) եւ Ա. Սէ. Միլանէն (1-3) պարտութիւններ կրած է:
Մարզիչ Անչելոթթի յանցաւոր չի նկատեր ոեւէ անձ…: «Կասկածնե՞ր իմ աշխատանքիս վերաբերեալ: Ոչ, ես կը կարծեմ, որ բնական բան է: Խումբը լաւ վիճակի մէջ չէ այժմ, եւ մենք բոլորս մեղաւոր ենք: Շատ կարեւոր է, որ մենք բոլորս պատասխանատուութիւն կրենք: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս երբ յաղթենք, մենք միասնաբար կը յաղթենք, հիմա ժամանակն է պայքարելու, որ այս տառապանքէն դուրս գանք: Այս իրավիճակէն մենք շատ աւելի ուժ պէտք է առնենք», ըսաւ Անչելոթթի: