ՖԻՖԱ-ն երեքշաբթի օր գումարեց ժողով մը, որուն լոյսին տակ յայտնեց, թէ պիտի լուծէ որեւէ հարց, որ կը ստեղծուի ակումբներու միջեւ, եթէ անշուշտ երկու ակումբներ նոյն մարզիկը ընտրեն` մասնակցելու յառաջիկայ ամրան տեղի ունենալիք ՖԻՖԱ-ի ակումբներու մոնտիալի մրցաշարքին:
Հարցեր կրնան ստեղծուիլ, մանաւանդ որ ըստ ՖԻՖԱ-ի օրէնքին, մարզիկի մը պայմանագրութեան աւարտի թուականը 30 յունիսն է, իսկ այս մրցաշարքը կը սկսի 15 յունիսին: Այլ խօսքով, մարզիկներ, ինչպէս` Մանչեսթըր Սիթիի Քեւըն Տը Պրունիէ, Պայերնի երեք մարզիկներ` Ալֆոնսօ Տէյվիս, Եոշուա Քիմիչ եւ Լիրոյ Սանէ, Ինթեր Միլանի մարզիկ Տենզել Տումֆրիզ եւ Ռէալ Մատրիտի մարզիկ Ֆերլան Մենտին, որոնց պայմանագրութիւնները կ՛աւարտին յառաջիկայ ամառ, կրնան 1-էն 10 յունիս փոխադրուիլ այլ խումբ, նոյնիսկ եթէ մրցակից խումբ ըլլայ անիկա:
Օրինակ, եթէ մարզիկ մը իր խումբին հետ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական խաղցած է, (31 մայիսին) կրնայ 15 օր ետք այլ խումբի մարզիկ դառնալ այս մոնտիալին:
ՖԻՖԱ-ն առիթ պիտի տայ մասնակից 32 խումբերուն նոր մարզիկներ աւելցնելու իրենց մարզիկներու ցանկին վրայ` մրցաշարքը սկսելէն ետք նոյնիսկ 27-էն 3 յուլիս երկարող ժամանակաշրջանին, անշուշտ եթէ պայմանագրութիւնը աւարտած է այդ մարզիկին:
Անշուշտ նոյն մարզիկը մասնակցած պէտք չէ ըլլայ տարբեր խումբէ (մրցաշարքի սկիզբը) եւ մրցաշարքի կէսէն այլ մասնակից խումբէ շարունակէ:
Եւրոպացի ֆութպոլիստներու կոմիտէն բողոք պիտի ներկայացնէ ՖԻՖԱ-ի դէմ, որ կը չարաշահէ ֆութպոլիստներուն առողջութիւնը, անոնց «շատ ֆութպոլ խաղցնելով» այս նոր մրցաշարքին:
Տարի մը առաջ, նոյն մրցաշարքին դէմ իբրեւ բողոք, Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի պոյքոթի պիտի ենթարկէր այս ձեւի մրցաշարքեր, որոնք առիթ չեն տար մարզիկներուն, որ հանգստանան, աւելի ուշ վիրաւորուելու պատճառ դառնալով:
Աւելի ուշ, Անչելոթթի հերքած էր ատիկա: ՖԻՖԱ-ն այդ պատճառով ալ որոշեց պատժել այն խումբերը, որոնք իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն մասնակցելու, սակայն աւելի ուշ կը քաշուին մրցաշարքէն առնուազն 290 հազար ամերիկեան տոլարով:
Մինչեւ օրս յստակ չէ, թէ որքա՛ն պիտի ըլլան մասնակցող խումբերուն նիւթական եկամուտները կամ ախոյեանի մրցանակը, բայց կը կարծուի, որ միլիոնաւոր ամերիկեան տոլարներու պիտի հասնին մրցանակները:
Իտալացի նախկին միջնապահ Անտրէա Փիրլօ, որ Ա. Սէ. Միլանի եւ Եուվենթուսի մայեսթրոն կը նկատուէր, վերջերս իր կարծիքը յայտնած էր այս մրցաշարքին գծով:
«Ցաւօք, չեմ կրնար խաղալ հոն: Հիանալի կ՛ըլլար այսպիսի մրցաշարքի մը ընթացքին խաղալը: Շատ հետաքրքրական եւ նոր բան մըն է ասիկա: Համոզուած եմ, որ շատ հետաքրքրական մրցաշարք պիտի ըլլայ: Աշխարհի լաւագոյն ակումբները կը մրցին, ուստի վստահ եմ, որ ՖԻՖԱ-ն հիանալի աշխատանք կատարած է, եւ անշուշտ բոլորին համար հետաքրքրական փորձ մը պիտի ըլլայ: Այսքան բարձր մակարդակի ակումբներու խաղը դիտելը շատ հաճելի պիտի ըլլայ բոլոր համակիրներուն համար, ամբողջ աշխարհի եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու համար, ուր մարդիկ նոյնքան կրքոտութեամբ կը դիտեն ֆութպոլը», ըսաւ Փիրլօ:
Նշենք, որ 32 ակումբներ 15 յունիսէն 13 յուլիս 2025 Միացեալ Նահանգներու մէջ կը մասնակցին 6 ցամաքամասերը ներկայացնելով: