Հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով խօսած է աջ ոտքի հարցին մասին:
«Հիմա տարբեր զգացումներ ունիմ… Ես հաճոյք ստացայ վերջին մրցումներուն արդիւնքներէն: Ամօթ է այսպէս աւարտել… Գիտեմ, որ մարզական աշխարհի մէջ վիրաւորուիլ ալ կայ, եւ անոր դէմ ոչինչ կրնաս ընել: Կրնամ ըսել, որ պիտի փորձեմ մինչեւ վերջ պայքարիլ: Ես գացի բժիշկի եւ աջ ոտքիս վրայ երկու տեղ 2-րդ աստիճանի լարուածութիւն ունիմ: Այսպիսով, պէտք է հանգստանամ ապաքինելու համար, եւ ընտանիքիս հետ հանգստանալու, մինչեւ որ պատրաստ ըլլամ փորձերու վերսկսելու: Շնորհակալութիւն բոլորիդ աջակցութեան համար»:
Նշենք, որ Փարիզի մրցաշարքին Խաչանով հասած էր կիսաւարտական եւ պարտութիւն կրած Ուկօ Ումպերթէն` 7-6, 4-6 եւ 3-6 արդիւնքով: