– ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ազգային խումբի միջնապահ Նայիր Թիքնիզեանի ռուսական ակումբը` Լոքոմոթիւ Մոսկուա, յայտնեց, թէ իտալական շատ մը ակումբներ կապուած են իրենց, Թիքնիզեանի ծառայութեամբ հետաքրքրուելով, սակայն ակումբին չէ գոհացուցած անոնց տուած գինը: Նոյն պահուն Լոքոմոթիւ պատրաստ է ակումբներուն հետ քննարկել հաւանական գործարքի պայմանները:
– ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ իր յառաջապահ Արտակիւլերի ապագային համար որոշած է աւելի ժամանակ տրամադրել, մանաւանդ որ Լիվըրփուլի նման ակումբներ վերջերս փափաք յայտնած ին փոխ առնել Կիւլերի աշխատավարձով:
19 տարեկան Կիւլերի պայմանագիրը Ռէալի հետ կ՛երկարի մինչեւ 2029-ի յունիս:
– ԱՐՍԵՆԱԼԻ եւ Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ ֆրանսացի Թիերի Հանրի վերջերս հետաքրքրական բաներ խօսած է Պարսելոնայի այժմու վիճակին մասին:
«Եւրոպական խումբերը կը վախնան Ռէալ Մատրիտէն, իսկ Ռէալ Մատրիտ կը վախնայ Պարսելոնայէն: Պարսելոնան դարձած է հատուցման խումբ:
Լամին Եամալ կը խաղայ ինչպէս Մեսսին կը խաղար, Ռաֆինիա` ինչպէս Ռոնալտինիոն, իսկ Փետրի` ինչպէս Ինիեսթան: Կարծես 2011-ի Պարսելոնան կը դիտես: Ոչ ոք կրնայ կասեցնել զանոնք: Անոնք կրնան յաղթել իրենց ուզած խումբին»:
– ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ուրուկուէյցի պաշտպան Ռոնալտ Արաուխօ կրնայ իր ասպարէզը շարունակել «Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ: 25 տարեկան Արաուխօ, որուն պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2026-ին, վիրաւոր էր եւ այժմ շատ ալ տեղ չունի խումբին մէջ, մինչ Չելսի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ հետաքրքրուած են անոր ծառայութիւններով:
– ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ կեդրոնի վիթերան յետսապահ Մաթս Հումելզ, որ վերջերս միացած էր իտալական Ա. Էս. Ռոմա ակումբին, շատ ուրախ չ՛երեւիր իր ակումբին հետ, մանաւանդ որ ընդհանրապէս պահեստի աթոռներուն վրայ կը մնայ: Հաւանական է, որ ան ձմեռնային փոխանցումներու պատուհանին լքէ Իտալիոյ մայրաքաղաքի խումբը` բախտը փորձելու այլ տեղ:
– ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐՈՒ ազգային խումբի նախկին մարզիկ Էտկար Տէյվիտծ վերջերս խոստովանած է, թէ կարելիութիւն ունէր միանալու Մանչեսթըր Եունայթըտի:
«Երբ հեռացայ Այաքսէն 1996-ին, հանդիպեցայ սըր Ալեքս Ֆերկըսընի հետ, եւ այդ մէկը իմ ասպարէզիս ամէնէն յիշարժան փորձերէս մէկն էր: Զրոյցի ատեն ան շատ զուարճալի էր բնաւորութեամբ եւ խելացի, ինչ որ արդէն գիտէք: Բայց այդ տարիներուն մեծ աստղերը կը խաղային «Սերի Ա.»-ի մէջ, ուր կ՛ուզէի երթալ: Այս էր պատճառը, որ ընտրեցի Ա. Սէ. Միլանը»:
– ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ակումբը այժմէն իսկ որշում տուած է իր յաջորդ մարզիչին համար, որ պիտի փոխարինէ Քարլօ Անչելոթթին: Առայժմ ոչ մէկ լուրջ բան կայ Անչելոթթին փոխարինելու, սակայն Ֆիորենթինօ Փերես (Ռէալի նախագահը) վերջերս շատ գոհ չէ Ռէալի արդիւնքներէն եւ նկատի առած է Չապի Ալոնսոն, իբրեւ անոր հիմնական փոխարինող:
– ՊԱՅԵՐՆ ՄԻՒՆԻԽ ակումբի 35 տարեկան միջնապահ Թոմաս Միւլըր կրնայ միանալ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի ակումբներէն Ինթեր Մայեմիի:
Ինթեր Մայեմի լրջօրէն կը փնտռէ յառաջացած միջնապահ մարզիկ մը, որ կրնայ օգնել յարձակումներուն:
Միւլըր այս տարեշրջանին Պայերնի հետ կատարած է 13 մրցում` նշանակելով 3 կոլ եւ կատարելով 4 էսիսթ: