Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 18 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց տարիքային աշխարհի ախոյեանութիւնը կը շարունակուի, եւ մնացած են վերջին 3 խաղափուլերը:
14 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներուն, Սոնա Քրքիաշարեան 8 կարելի կէտերէն 6 կէտ ձեռք ձգելով կը գրաւէ 3րդ դիրքը:
18 տարեկանէն վար տղոց յառաջատարներու շարքին է Ալեքս Սահակեան, որ 5,5 կէտ հաւաքած է: Նոյն տարիքային խումբին մաս կը կազմէ նաեւ Արսէն Դաւթեան, որ 4,5 կէտ հաւաքած է:
14 տարեկանէն վար տղոց մրցումներուն Գոռ Ասքանազեան ունի 3,5 կէտ:


