Նոա ակումբը վերջերս պաշտօնական յայտարարութեամբ ներկայացուցած է հայկական ֆութպոլին շուրջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակը:
Նոայի հաղորդագրութիւնը կը նշէ.
«Նոա ֆութպոլի ակումբը իբրեւ պատասխան համակիրներուն եւ լրատուական միջոցներուն կը յայտնէ հետեւեալը.
Նոա ակումբը չի մասնակցիր Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն: Ակումբը կ՛աշխատի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ ֆութպոլի առնչուող խնդիրներու շուրջ` յանուն արդար խաղի օրէնքներուն:
Հայաստանի մէջ կան արհեստավարժ եւ մանկապատանեկան ֆութպոլի զարգացման ռազմավարութեան բազմաթիւ հարցեր, այս առումով մեր կողմէն ալ բարձրացած է, եւ այդ հարցերուն շուրջ քննարկումներ կը ծաւալին ֆետերասիոնին հետ` փորձելով լուծումներ գտնել:
Հայկական ֆութպոլին առջեւ բազմաթիւ խնդիրներու քննարկումի եւ լուծումի գծով Նոան կարեւոր կը տեսնէ նաեւ ֆութպոլիստներու եւ մեր սիրելի համակիրներու մասնակցութիւնը` գնահատելով այս վերջիններուն ջանքերը:
Նոա ակումբը կը շարունակէ իր ճանապարհը հայկական ֆութպոլի զարգացման երկարաժամկէտ եւ հեռանկարային ծրագիրներով` յանուն այս նպատակներուն, եւ ան պատրաստ է համագործակցելու բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ:
Հաշուի առնելով ստեղծուած վիճակը, կոչ կ՛ուղղենք հայկական ֆութպոլի ապագայով մտահոգուած բոլոր ուժերուն` նստելու մէկ սեղանի շուրջ եւ քաղաքակիրթ ձեւով բանակցելու ու հասնելու փոխըմբռնելի լուծումներու:
Նոա ակումբը պատրաստ է աջակցելու այս գործընթացին` համախմբելով բոլոր ուժերը մէկ ընդհանուր նպատակի շուրջ, որ կը զարգացնէ հայկական ֆութպոլը եւ տօն կը պարգեւէ մեր սիրելի համակիրներուն: Բոլորիս կը մաղթենք ֆութպոլային նոր վերելքներ»: