Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն, Արեւելեան շրջանի Դ. հանգրուանի գծով Սէուտական Արաբիոյ ախոյեան Հիլալ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Իրանի ախոյեան Էսթեղլալին:
Սերպ յառաջապահ Ալեքսանտր Միթրովիչ հեթ-թրիք իրագործեց: 57-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը, որ կը վերադառնար երկար ժամանակ կանաչ դաշտերէն հեռու մնալէ ետք, սակայն 86-րդ վայրկեանին ստիպուեցաւ լքել դաշտը` ցաւ զգալէ ետք: «Զօրաւոր պրկում ունեցայ: Յոյս ունիմ, որ քննութիւններէ ետք լուրջ բան մը չելլէ: Բժիշկները ըսած էին, որ կրնան այսպիսի բաներ ըլլան: Մէկ տարի դադարէ ետք ասիկա բնական է: Պէտք է այսուհետեւ աւելի զգուշ ըլլամ եւ աւելի շատ վայրկեաններ ունենամ դաշտին վրայ», ըսաւ Նէյմար: Ասիկա Նէյմարի երկրորդ մրցումն էր, որ ան կը մասնակցէր 1 տարի դադարէ ետք: