Պուլկարիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Պոթեւ Փլովտիւ խումբը հետաքրքրական մրցանիշ մը իրագործած է` իր վերջին 11 ելոյթներն ալ աւարտելով 1-0 արդիւնքով: Այս 11-էն 8-ն Պոթեւ յաղթանակով աւարտած է: Պոթեւ, որուն մաս կը կազմէ Էտկար Փիլոյեան, 28 կէտով կը գրաւէ Պուլկարիոյ ախոյեանութեան երկրորդ դիրքը` 9 կէտով ետ մնալով Լուտոկորեցէն, որ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: