Մարզական

Պարսելոնա Գտած Է Լեվանտովսքիի Փոխանորդը

Պարսելոնա Գտած Է Լեվանտովսքիի Փոխանորդը

Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի յառաջապահ Օմար Մարմուշ կրնայ տեղափոխուիլ եւրոպական «հսկայ» խումբերէն մէկը: Ըստ «Թիփսպլապեթ» կայքին, Պարսելոնան լրջօրէն հետաքրքրուած է Մարմուշով: Վերջերս Պարսելոնայի ներկայացուցիչներ ներկայ եղած են «Եուրոփա լիկ»-ի Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ - Միտիուլանտ մրցումին: Պարսայի նախագահ Խուան Լափորթա Մարմուշը կը դիտարկէ իբրեւ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքիի փոխարինող: 25 տարեկան յառաջապահին գործող պայմանագրութեան ժամկէտը նախատեսուած է մինչեւ 2027-ի ամառ: Անոր փոխանցման արժէքը կը...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիվլենտ – Պոսթըն 115-111

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ – Պոսթըն 115-111

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, տեղի ունեցան շատ հետաքրքրական ճակատումներ, որոնցմէ մէկուն ընթացքին Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր 12 կէտի ուշ մնալը յաղթանակի վերածեց 4-րդ մասին եւ 4 կէտի առաւելութեամբ յաղթեց ախոյեան Պոսթըն Սելթիքսի: Տոնավըն Միչել 4 հատ յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց (4-րդ մասին) ի նպաստ Քլիվլենտի, որ 43 կէտ նշանակեց վերջին մասին, Պոսթընի 27-ին դիմաց: Միչել մրցումը աւարտեց 35...

Ֆորմիւլա 1.  Վերշթափըն Շահեցաւ Քաթարի Կրան Փրին

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Շահեցաւ Քաթարի Կրան Փրին

Մաքս Վերշթափըն, որ շաբաթ մը առաջ Վեկասի մէջ դարձած էր աշխարհի ախոյեան, այս անգամ Քաթարի մէջ կրցաւ շահիլ մրցում մը եւս, որ տարեշրջանի նախավերջին կրան փրին է: Այս կիրակի կը փակուի 2024-ի տարեշրջանը` Ապու Տապիի կրան փրիով, 24-րդ եւ ամէնէն երկար տարեշրջանը: Բ. դիրքը գրաւեց «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լըքլեր, իսկ 3-րդ դիրքը` Օսքար Փիասթրի (Մաքլարեն): Լանտօ Նորիս 10-րդ դիրքը գրաւեց,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  1 Փետրուարին Կը Սկսի 2024-2025 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. 1 Փետրուարին Կը Սկսի 2024-2025 Տարեշրջանը

Ուրբաթ գիշեր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ տղոց պասքեթպոլի 2024-2025 տարեշրջանը պիտի սկսի 1 փետրուար 2025-ին: Պաշտօնական մամլոյ ասուլիսով մը Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի յայտարարեց այս որոշումը` ֆետերասիոնի դիւանի ժողովէն ետք: «Բարի եկած էք բոլորդ, եւ կարօտցած ենք բոլորս պասքեթպոլի մթնոլորտը: Մենք նախապէս յայտնած էինք, թէ երբ զինադադար յայտարարուի, պիտի որոշենք տարեշրջանի ազդանշանի թուականը` հաստատելով, որ ոչ մէկ...

«Պէյրութ Մարաթոն» Միութիւն.  «Ծննդեան Մրցումը»` Ճիւնիի Մէջ

«Պէյրութ Մարաթոն» Միութիւն. «Ծննդեան Մրցումը»` Ճիւնիի Մէջ

«Պէյրութ Մարաթոն» միութիւնը վազքի «Ծննդեան մրցում»-ը կը կազմակերպէ իր 2024-ի տարուան աշխատանքներուն գծով: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ 15 դեկտեմբերին, Ճիւնիի մէջ, շրջանի քաղաքապետարանին համագործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին հետ: Մրցումը կը սկսի եւ կ՛աւարտի «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրին մէջ, եւ շրջանի ընտրութիւնը եղաւ Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ զանազան աշխատանքներ կատարելու համար: Շաբաթներ առաջ, կարճ մարաթոններ կազմակերպած էր «Պէյրութ Մարաթոն»-ը` հիւսիսային...

«Պունտըսլիկա».  «Քլասիքօ»-ն 1-1 Արդիւնքով Աւարտեցաւ

«Պունտըսլիկա». «Քլասիքօ»-ն 1-1 Արդիւնքով Աւարտեցաւ

Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 12-րդ հանգրուանին, Պորուսիա Տորթմունտ «Քլասիքօ» մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը խլեց պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայերն Միւնիխէն: Մրցումը սկսաւ Պայերնի յարձակումներով, հակառակ անոր որ «Սիկնալ Իտունա Փարք»-ի բոլոր 81 հազար 365 աթոռները ողողուած էին համակիրներով, ուր «դեղին խուժան» մը կը քաջալերէր Տորթմունտը: 17-րդ վայրկեանին Գերմանիոյ ազգային խումբի յետսապահ Վալտըմար Անթոն վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Պայերնի նախկին յետսապահ Նիքլաս Զուլէով: Հազիւ...

«Լիպերթատորես» Բաժակ.  Պոթաֆոկօ 10 Մարզիկներով Շահեցաւ Տիտղոսը

«Լիպերթատորես» Բաժակ. Պոթաֆոկօ 10 Մարզիկներով Շահեցաւ Տիտղոսը

Երէկ առաւօտեան ժամերուն Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան «Լիպերթատորես» բաժակի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին կը մրցէին երկու պրազիլեան ակումբներ` Պոթաֆոկօ եւ Աթլեթիքօ Մինէյրօ: Աթլեթիքօ Մինէյրօ, որ Պելօ Հորիզոնթէի շրջանի խումբ է եւ 2013-ի «Լիպերթատորես» բաժակի տիտղոսակիր, թիւ 1 թեկնածուն էր, մինչ Պոթաֆոկօ Ռիօ Տը Ժանէյրոյի միայն 4-րդ խումբն է Ֆլումինենսէի, Ֆլամենկոյի եւ Վասքօ Տը Կամայի ետին, եւ միշտ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տալաս Կը Յաղթէ Առանց Տոնչիչի

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Կը Յաղթէ Առանց Տոնչիչի

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Տալաս Մեւրիքս կրցաւ 106-94 արդիւնքով յաղթական վերադառնալ Եութա Ճեզի դաշտէն, հակառակ անոր որ խումբին աստղերէն Լուքա Տոնչիչ յաջորդական 5-րդ մրցումը ըլլալով բացակայեցաւ: Առանց Տոնչիչի, Քայրի Ըրվինկ կրցաւ անգամ մը եւս ղեկավարել իր խմբակիցները, որոնք իրենց առաւելագոյնը տուին վերջին 5 մրցումներուն արձանագրելու 4-րդ յաղթանակը: Քայրի 30 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց, մինչ Քուենթըն Կրայմզ...

«Էմ. Էլ. Էս.»  Լոս Անճելըս Կալաքսի Եւ Նիւ Եորք Ռետ Պուլզ Հասան Աւարտական

«Էմ. Էլ. Էս.» Լոս Անճելըս Կալաքսի Եւ Նիւ Եորք Ռետ Պուլզ Հասան Աւարտական

Երէկ յստակացան այս տարուան «Էմ. Էլ. Էս.»-ի (Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութիւն) աւարտականի զոյգ խումբերը: Արեւմտեան շրջանի ախոյեան դարձաւ Լոս Անճելըս Կալաքսի, որ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սիեթըլ Սաունտըրզը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց սերպ յառաջապահ Տեյան Եովելիչ 85-րդ վայրկեանին` Ռիքի Փուիճի փոխանցումէն օգտուելով: Փուիճ, որ նախապէս Պարսելոնայի աստղերէն էր, 2022-ին միացաւ Լոս Անճելըսի խումբին` մարզիչ Չաւիի հետ անհամաձայնութեան պատճառով, եւ 2...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Վաղը` Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր

Վաղը, «Փրեմիեր լիկ»-ի 13-րդ հանգրուանին, մրցաշարքի ախոյեանի ճամբան ձեւով մը կրնայ յստականալ, երբ պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ հիւրընկալէ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին: Լիվըրփուլ իր կատարած վերջին մրցումներուն 14-ը յաղթած է եւ կը սուրայ դէպի ախոյեանութեան տիտղոսը, բայց իր դէմ պիտի ունենայ վերջին տարիներու ախոյեան Սիթին: Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի իր մրցումին` Ֆեյէնուրտի դէմ, 3-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք...

«Քոնֆերենս Լիկ».  Նոա Չկրցաւ Յաղթել Վայքինկուրին

«Քոնֆերենս Լիկ». Նոա Չկրցաւ Յաղթել Վայքինկուրին

«Եու.Է.Էֆ.Ա. քոնֆերենս լիկ»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Նոա սպիտակ հաւասարութեամբ աւարտեց իր մրցումը` Իսլանտայի Վայքինկուրին դէմ: «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական դաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ եղան աւելի քան 5 հազար համակիրներ:  Մանաւանդ Բ. կիսախաղին Նոա առիթներ ունէր կոլ նշանակելու, սակայն մրցակից վեթերան բերդապահ Ինկվար Ճոնսոն հերոսանալով փրկեց իր խումբը: Մրցումի աւարտին, Վայքինկուր Ռէյքիավիքի մարզիչ Առնար...

Ռոնալտինիօ Գեղեցիկ Կոլ Մը Նշանակեց Քաթարի Մէջ Վեթերաններու «Քլասիքօ»-ին

Ռոնալտինիօ Գեղեցիկ Կոլ Մը Նշանակեց Քաթարի Մէջ Վեթերաններու «Քլասիքօ»-ին

Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի վեթերաններու «Քլասիքօ»-ի մրցումին, Քաթարի մէջ, պրազիլցի Ռոնալտինիօ սքանչելի ազատ հարուածով մը գնդակը զետեղեց Փաքօ Պույոյի բերդին մէջ: Նախապէս Խուան Փապլօ Սորին նշանակած էր Պարսելոնայի առաջին կոլը, իսկ Ռոնալտինիոյի կոլը 2-րդն էր: Առաջին կիսախաղին Պարսելոնա ստեղծեց շատ առիթներ, որոնց մէջ փայլեցան Տաւիտ Վիյա եւ Լուտովիք Ճիւլի: Կիսախաղէն ետք, Ռէալ Մատրիտ 5 վայրկեանէն արդէն 2 կոլ նշանակած էր...

Եուրոփա Լիկ.  Ամորիմ Եւ Եունայթըտ Լաւ Ելոյթ Ունեցան Եւ Յաղթանակ Մը Տօնեցին

Եուրոփա Լիկ. Ամորիմ Եւ Եունայթըտ Լաւ Ելոյթ Ունեցան Եւ Յաղթանակ Մը Տօնեցին

«Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի «Եուրոփա լիկ»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-1 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կրցաւ 3-2 արդիւնքով յաղթելՊոտօ Կլիմթի, Օլտ Թրաֆորտի մէջ: Ռուպեն Ամորիմ իր առաջին յաղթանակը տօնեց Եունայթըտի հետ, եւ այժմ խումբը Օլտ Թրաֆորի մէջ յաջորդական 6 մրցումներ անյաղթ է: Մրցումը արագ սկսաւ եւ 49 երկվայրկեան վերջ, Ռասմուս Հոյլունտի աշխատանքէն ետք Ալեխանտրօ Կառնաչօ գնդակը զետեղեց նորվեկիական բերդին մէջ: 19-րդ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Լիվըրփուլ 2-0 Արդիւնքով Յաղթեց Ռէալ Մատրիտին

«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ 2-0 Արդիւնքով Յաղթեց Ռէալ Մատրիտին

«Չեմփիընզ լիկ»-ի 5-րդ շաբթուան մրցումները ամբողջացան չորեքշաբթի գիշեր, եւ Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ պարտութեան մատնեց ախոյեան Ռէալ Մատրիտը` 2-0 արդիւնքով: Լիվըրփուլ իր յաղթանակներու շարքը շարունակեց եւ արձանագրեց իր յաջորդական 5-րդ յաղթանակը` «Չեմփիընզ լիկ»-ի մէջ, առանձին գրաւելով պարագլուխի դիրքը եւ ձեռք ձգելով ամբողջական 15 կէտերը: Մինչ Ռէալ Մատրիտ, որուն վիրաւորներու ցանկը բաւական երկար է, վերջին 5 մրցումներուն իր 3-րդ պարտութիւնը կրեց:...

Ճատրակ.  Կուքեշ Յաղթեց 3-Րդ Ճակատումին

Ճատրակ. Կուքեշ Յաղթեց 3-Րդ Ճակատումին

Ճատրակի Աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար կը մրցին թիւ 1 վարպետ չինացի Տինկ Լիրեն (32 տարեկան) եւ հնդիկ Կուքեշ Տոմմարաճու կամ Կուքեշ Տի.: Սինկափուրի մէջ տեղի ունեցող ճակատումներուն գծով, երէկ տեղի ունեցաւ 3-րդ մրցումը, որուն ընթացքին Կուքեշ 3-րդ մրցափուլին կրցաւ յաղթել թիւ 1 Լիրենին, որ ճերմակ քարերով պաշտպանողական խաղ կը կիրարկէր: Առաջին մրցափուլին, Լիրեն յաղթանակով սկսած էր 42-րդ շարժումէն ետք Կուքեշի...

Թենիս.  Շվիանթեք 1 Ամիսով Կախակայուեցաւ Անսովոր Դեղ Մը Գործածելու Պատճառով

Թենիս. Շվիանթեք 1 Ամիսով Կախակայուեցաւ Անսովոր Դեղ Մը Գործածելու Պատճառով

Այժմու թիւ 2 թենիսվումըն լեհ Իկա Շվիանթեք ընդունեց, թէ գործածած է դեղ մը, որ իր արեան քննութեան մէջ յայտնուած էր օգոստոսին սկիզբը աղջկանց ասիական մէկ մրցաշարքին: Ըստ թենիսի ֆետերասիոնին, Շվիանթեքի արեան մէջ գտնուած են թրիմեթազիտինի հետքեր, որոնք արգիլուած են մարզիկներու պարագային: Շվիանթեք յայտնեց, որ ինք մելաթոնին գործածած էր ճամբորդութեան ժամանակ` հանգիստ քնանալու համար, բայց առանց այլ նպատակի, որուն պատճառով ալ...

«Էն.Պի.Էյ.»  Հարտը` 43 Կէտ Նշանակեց, Բայց Վիրաւորուեցաւ

«Էն.Պի.Էյ.» Հարտը` 43 Կէտ Նշանակեց, Բայց Վիրաւորուեցաւ

«Էն.Պի.Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Լոս Անճելըս-Քլիփըրզ կրցաւ 121-96 արդիւնքով յաղթել Ուաշինկթընի մէջ տեղւոյն Ուիզըրտծի դէմ մրցումին: Մրցումին աստղն էր Ճէյմս Հարտըն, որ 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, եւ ատիկա 2021-ի մարտէն վերջ առաջին մրցումն էր, որ Հարտըն իր նշանակած 43 կէտի սահմանը կը հասնէր: Հարտըն կրցաւ 32 վայրկեաններու ընթացքին նշանակել իր 43 կէտերը եւ 3-րդ մասի վերջերուն ստիպուեցաւ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Բարսեղեան Նշանակեց Միլանի Դէմ.  Սիթի Ձախողեցաւ Յաղթել

«Չեմփիընզ Լիկ». Բարսեղեան Նշանակեց Միլանի Դէմ. Սիթի Ձախողեցաւ Յաղթել

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի 5-րդ շաբթուան առաջին օրուան մրցումները մեծ մասամբ եղան հետաքրքրական. Տիգրան Բարսեղեանի խումբը` Սլովան Պրաթիսլաւա կը հիւրընկալէր Իտալիոյ Ա. Սէ. Միլանը: Ամերիկացի Քրիսթեան Փուլիշիչ 21-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, բայց Բարսեղեան, որ ՀՄԸՄ Պէյրութի նախկին յառաջապահ Աշոտ Բարսեղեանի անդրանիկ զաւակն է, 3 վայրկեան ետք  Միլանի բերդապահ Մայք Մենեանի գլխուն վրայէն գնդակը կրցաւ զետեղել բերդին մէջ: Բարսեղեան, որ կարգ մը...

Միրանեան 2 Կոլ Նշանակեց

Միրանեան 2 Կոլ Նշանակեց

Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Արթուր Միրանեան երէկ ռումանական Քլիւժ ակումբին հետ բարեկամական մրցում մը ունեցաւ Օգնա Մուրեշի դէմ եւ 2 կոլ նշանակեց մրցումի մը, ուր Քլիւժ 8-1 արդիւնքով «ջախջախեց» իր մրցակիցը: Նշենք, թէ Ռումանիոյ ախոյեանութեան ծիրին մէջ Միրանեան մասնակցած է 6 մրցումներու` նշանակելով 3 կոլ:  

Թիակօ Մեսսի Իր Առաջին Մրցումը  Ունեցաւ Իր Հօր Բացակայութեան

«Թութոսփորթ»-ի Մրցանակ. Եամալ` «Կոլտըն Պոյ». Քրուս` «Կոլտըն Փլէյըր»

Երէկ Իտալիոյ «Թութոսփորթ»-ը ընտրեց Եւրոպայի 2024-ի լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը ինչպէս նաեւ յատուկ մրցանակ մը շնորհեց լեկենտներու խորհուրդին ընտրած յանձնախումբին կողմէ: Պարսելոնայի ֆութպոլիստ Լամին Եամալի շնորհուեցաւ լաւագոյն երիտասարդ մարզիկի տիտղոսը: Եամալ  2024-ին դարձաւ Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ազգային խումբին հիմնական տարրերէն` շահելով 2024-ի Եուրոն, ուր 7 մրցումներու ընթացքին նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց 4 էսիսթ: Պարսելոնայի հետ Եամալ 16 մրցումներ կատարեց` նշանակելով...

Page 156 of 1275 1 … 155 156 157 … 1,275

Արխիւներ