Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի վեթերաններու «Քլասիքօ»-ի մրցումին, Քաթարի մէջ, պրազիլցի Ռոնալտինիօ սքանչելի ազատ հարուածով մը գնդակը զետեղեց Փաքօ Պույոյի բերդին մէջ:
Նախապէս Խուան Փապլօ Սորին նշանակած էր Պարսելոնայի առաջին կոլը, իսկ Ռոնալտինիոյի կոլը 2-րդն էր: Առաջին կիսախաղին Պարսելոնա ստեղծեց շատ առիթներ, որոնց մէջ փայլեցան Տաւիտ Վիյա եւ Լուտովիք Ճիւլի: Կիսախաղէն ետք, Ռէալ Մատրիտ 5 վայրկեանէն արդէն 2 կոլ նշանակած էր Լուիս Ֆիկոյի եւ Էտուին Քոնկոյի միջոցով: Մրցումի վերջին վայրկեաններուն Ֆիկօ եւ Քուարեսմա իրար զարնուեցան Ռէալի քառակուսիին մէջ, եւ իրաւարարը փենալթի մը սուլեց ի նպաստ Պարսելոնայի: Քլայվերթի փենալթին զսպուեցաւ Փետրօ Քոնթրերասի կողմէ, ապա դիմուեցաւ փենալթիներու, ուր Պարսա յաղթեց 4-2 արդիւնքով: Քանի մը շաբաթէն Թոքիոյի մէջ պիտի մրցին զոյգ խումբերը:


