Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի յառաջապահ Օմար Մարմուշ կրնայ տեղափոխուիլ եւրոպական «հսկայ» խումբերէն մէկը:
Ըստ «Թիփսպլապեթ» կայքին, Պարսելոնան լրջօրէն հետաքրքրուած է Մարմուշով: Վերջերս Պարսելոնայի ներկայացուցիչներ ներկայ եղած են «Եուրոփա լիկ»-ի Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Միտիուլանտ մրցումին: Պարսայի նախագահ Խուան Լափորթա Մարմուշը կը դիտարկէ իբրեւ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքիի փոխարինող: 25 տարեկան յառաջապահին գործող պայմանագրութեան ժամկէտը նախատեսուած է մինչեւ 2027-ի ամառ: Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի մօտ 40 միլիոն եւրոյով: Այս տարեշրջանին Մարմուշ Ֆրանքֆորթի հետ մասնակցած է 18 հանդիպումներու` նշանակելով 15 կոլ եւ կատարելով 11 էսիսթ:


