«Եու.Է.Էֆ.Ա. քոնֆերենս լիկ»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Նոա սպիտակ հաւասարութեամբ աւարտեց իր մրցումը` Իսլանտայի Վայքինկուրին դէմ:
«Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական դաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ եղան աւելի քան 5 հազար համակիրներ: Մանաւանդ Բ. կիսախաղին Նոա առիթներ ունէր կոլ նշանակելու, սակայն մրցակից վեթերան բերդապահ Ինկվար Ճոնսոն հերոսանալով փրկեց իր խումբը:
Մրցումի աւարտին, Վայքինկուր Ռէյքիավիքի մարզիչ Առնար Պերկման Կունլաուկսոն յայտնեց, որ շատ գոհ էր մրցումին արդիւնքէն, մանաւանդ որ «մրցակից խումբը (Նոա) ունէր լաւ յարձակողներ, եւ ստիպուած էինք աւելի մեծ թիւերով պաշտպանել: Ագահ կ՛ըլլայի, եթէ գոհ չըլլայի այս արդիւնքէն»:
Գերմանիոյ մէջ Չելսի կրցաւ 2-0 արդիւնքով յաղթել եւրոպական մրցումներու «սկսնակ» Հայտընհայմին:
Հայտընհայմ, որ իր նախկին 3 մրցումներէն 2-ը յաղթած էր, լաւ սկսաւ մրցումը քանի մը վտանգաւոր առիթներ ստեղծելով, սակայն Չելսի 51-րդ վայրկեանին կրցաւ բանալ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Քրիսթոֆըր Նքունքուի: Նքունքու Չելսիի պատմութեան մէջ եղաւ առաջին մարզիկը, որ եւրոպական 4 յաջորդական մրցումներու ընթացքին կոլ նշանակեց: Չելսիի երկրորդ կոլը նշանակեց Միխայլօ Մուտրիք` օգտուելով երկու կոլերուն մէջ «ձեռք ունեցող»` Ճէյտըն Սանչոյի փոխանցումէն:
Ստորեւ` «Քոնֆերենս լիկ»-ի 4-րդ հանգրուանի կարեւորագոյն արդիւնքները.
Ասթանա – Վիքթորիա Կիմարայեշ 1-1
Սերքլը Պրիւժ – Հարթս 2-0
Տինամօ Մինսք – Քոփենհակըն 1-2
Հայտընհայմ – Չելսի 0-2
Նոա – Վայքինկուր 0-0
Փանաթինայքոս – Հ.Ժ Ք. 1-0
Ֆիորենթինա – Փաֆոս 3-2
Լուկանօ – Կենթ 2-0
Մլատա Պոլեսլաւ – Պեթիս 2-1
Օմոնիա Նիկոսիա – Լեկիա Վարշաւա 0-3
Ռափիտ Վիեննա – Շամրոք Ռովըրզ 1-1


