Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Արթուր Միրանեան երէկ ռումանական Քլիւժ ակումբին հետ բարեկամական մրցում մը ունեցաւ Օգնա Մուրեշի դէմ եւ 2 կոլ նշանակեց մրցումի մը, ուր Քլիւժ 8-1 արդիւնքով «ջախջախեց» իր մրցակիցը:
Նշենք, թէ Ռումանիոյ ախոյեանութեան ծիրին մէջ Միրանեան մասնակցած է 6 մրցումներու` նշանակելով 3 կոլ:


