Ճատրակի Աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար կը մրցին թիւ 1 վարպետ չինացի Տինկ Լիրեն (32 տարեկան) եւ հնդիկ Կուքեշ Տոմմարաճու կամ Կուքեշ Տի.: Սինկափուրի մէջ տեղի ունեցող ճակատումներուն գծով, երէկ տեղի ունեցաւ 3-րդ մրցումը, որուն ընթացքին Կուքեշ 3-րդ մրցափուլին կրցաւ յաղթել թիւ 1 Լիրենին, որ ճերմակ քարերով պաշտպանողական խաղ կը կիրարկէր:
Առաջին մրցափուլին, Լիրեն յաղթանակով սկսած էր 42-րդ շարժումէն ետք Կուքեշի շնորհաւորութեամբ: 2-րդ ճակատումին, Լիրեն պաշտպանողական խաղ կը խաղար` աւարտելով հաւասարութեամբ: Երրորդ մրցումին, աշխարհի նախկին ախոյեան Մակնուս Քարլսըն դժգոհ էր Լիրենի խաղաոճէն, որ «հաւասարութեան համար կը խաղար» իր կարծիքով: Սակայն 37-րդ շարժումին Կուքեշի առաւելութիւնը յստակ ըլլալով, Լիրեն շնորհաւորեց իր մրցակիցը եւ այժմ արդիւնքը 1,5 – 1,5 է 3 մրցումներէ ետք: Մրցակիցները 14 մրցում պիտի կատարեն իրար դէմ եւ կէտերու առաւելութիւն ունեցող մրցակիցը կը դառնայ աշխարհի ախոյեան:
ՖԻՏԷ-ի այժմու դասաւորումով, Կուքեշ 5-րդ դասուած է 2783 կէտ ունենալով, մինչ Լիրեն թիւ 23-ն է 2728 կէտ ունենալով:


