Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. 1 Փետրուարին Կը Սկսի 2024-2025 Տարեշրջանը

December 2, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ գիշեր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ տղոց պասքեթպոլի 2024-2025 տարեշրջանը պիտի սկսի 1 փետրուար 2025-ին:

Պաշտօնական մամլոյ ասուլիսով մը Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի յայտարարեց այս որոշումը` ֆետերասիոնի դիւանի ժողովէն ետք:

«Բարի եկած էք բոլորդ, եւ կարօտցած ենք բոլորս պասքեթպոլի մթնոլորտը: Մենք նախապէս յայտնած էինք, թէ երբ զինադադար յայտարարուի, պիտի որոշենք տարեշրջանի ազդանշանի թուականը` հաստատելով, որ ոչ մէկ կացութեան պատճառով պիտի ջնջուի տարեշրջանը: Այդ պատճառով ալ ֆետերասիոնին դիւանը որոշեց մարզական վիճակը շարունակել եւ թիւ 1 մարզախաղը պահել պասքեթպոլը: Որոշուեցաւ ախոյեանութիւնը սկսիլ 1 փետրուար 2025-ին, «Տեքաթլոն Ա. դասակարգի տղոց ախոյեանութիւն», մասնակցութեամբ 12 խումբերու, ինչպէս նաեւ աղջկանց ախոյեանութեան ազդանշանը` 8 փետրուարին: Օտար մարզիկներու դրութիւնը նոյնը պիտի մնայ տղոց պարագային, մինչ աղջկանց պարագային առիթ պիտի տրուի 2 օտար մարզիկներու: Տղոց ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ երթուդարձի դրութեամբ, ապա ֆայնըլ ֆոր, ապա աւարտական, մաղթելով լաւագոյնը` բոլոր խումբերուն, յաջողութիւն` բոլոր խումբերուն, իսկ համակիրներուն` բարի վայելում», ըսաւ Հալապի:

Յայտարարութեան աւարտին, Հալապի շնորհաւորեց Լիբանանի ազգային խումբը, որ հասաւ Ասիոյ բաժակի աւարտական մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 2025-ին, Սէուտական Արաբիոյ մէջ:

 

Նախորդը

«Պէյրութ Մարաթոն» Միութիւն. «Ծննդեան Մրցումը»` Ճիւնիի Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Փոյնթ Զիրօ» Մրցումը Յաջողութեամբ Աւարտեցաւ
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Փոյնթ Զիրօ» Մրցումը Յաջողութեամբ Աւարտեցաւ

October 8, 2026
Ճիւտօ.  Նարեկ Վարդանեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին
Մարզական

Ճիւտօ. Նարեկ Վարդանեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին

October 8, 2026
Մարմնամարզութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Ուսումնամարզական Հաւաք Կ՛ունենայ
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Ուսումնամարզական Հաւաք Կ՛ունենայ

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.