Երէկ Իտալիոյ «Թութոսփորթ»-ը ընտրեց Եւրոպայի 2024-ի լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը ինչպէս նաեւ յատուկ մրցանակ մը շնորհեց լեկենտներու խորհուրդին ընտրած յանձնախումբին կողմէ:
Պարսելոնայի ֆութպոլիստ Լամին Եամալի շնորհուեցաւ լաւագոյն երիտասարդ մարզիկի տիտղոսը: Եամալ 2024-ին դարձաւ Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ազգային խումբին հիմնական տարրերէն` շահելով 2024-ի Եուրոն, ուր 7 մրցումներու ընթացքին նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց 4 էսիսթ: Պարսելոնայի հետ Եամալ 16 մրցումներ կատարեց` նշանակելով 6 կոլ եւ կատարելով 8 էսիսթ:
Այս մրցանակը անցեալ տարի շահած էր Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Ճուտ Պելինկհամ, իսկ աւելի առաջ 2 յաջորդական տարիներ շահած էին Կաւի (2022) եւ Փետրի (2021): 2020-ին Էրլինկ Հաալանտ շահած էր այս տիտղոսը, երբ տակաւին Ռետ Պուլ Զալցպուրկի մարզիկ էր:
Ինչպէս նշած էինք, Թոնի Քրուս իւրայատուկ մրցանակ մը ստացաւ «Թութոսփորթ»-ի կողմէ` իր ասպարէզի ձեռքբերումներուն համար: Կազմակերպիչները ըսին. «Ան հեռացաւ ֆութպոլէն, երբ իր մակարդակի գագաթնակէտին վրայ էր` շահելով Չեմփիընզ Լիկ»-ն ու «Լա Լիկա»-ն:


