Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պունտըսլիկա». «Քլասիքօ»-ն 1-1 Արդիւնքով Աւարտեցաւ

Դեկտեմբեր 2, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 12-րդ հանգրուանին, Պորուսիա Տորթմունտ «Քլասիքօ» մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը խլեց պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայերն Միւնիխէն:

Մրցումը սկսաւ Պայերնի յարձակումներով, հակառակ անոր որ «Սիկնալ Իտունա Փարք»-ի բոլոր 81 հազար 365 աթոռները ողողուած էին համակիրներով, ուր «դեղին խուժան» մը կը քաջալերէր Տորթմունտը:

17-րդ վայրկեանին Գերմանիոյ ազգային խումբի յետսապահ Վալտըմար Անթոն վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Պայերնի նախկին յետսապահ Նիքլաս Զուլէով:

Հազիւ 10 վայրկեան ետք, Տորթմունտի ձախ ծայրի յառաջապահ Ճէյմի Կիթընզ դաշտի կեդրոնէն գնդակը նետեց Պայերնի աջ պաշտպան Քոնրատ Լայմերի ետեւ, վազեց մօտ 40 մեթր եւ հազիւ մտած մեծ քառակուսի, ռմբային հարուածով մը նշանակեց Տորթմունտի կոլը:

Նոյըր չկրցաւ զսպել գնդակը, որ անցաւ անոր գլխուն վրայէն, որովհետեւ շատ արագ էր:

Այս կոլէն ետք, Պայերնի գործը դժուարացաւ, մանաւանդ երբ Հերի Քէյն 33-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ վիրաւորուելէ ետք: Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, թէ Քէյն 2 շաբաթով հեռու պիտի մնայ` սրունքի մկաններու վերի կապերուն մօտ ցաւ ունենալուն պատճառով:

Բ. կիսախաղին, Պայերն քիչ մը աւելի լաւ էր Տորթմունտէն, որ հակայարձակումներու դիմած էր, եւ 62-րդ վայրկեանին առիթ ունեցաւ երկրորդ կոլ մըն ալ նշանակելու, սակայն Սապիցըրի հարուածը վարպետօրէն զսպեց բերդապահ Նոյըր:

63-րդ վայրկեանին Քինկզլի Քոման փոխարինեց Մաթիս Թելը, եւ Պայերնի յարձակումները երկու կողմերէն աւելի խորացան: Սանէ աջէն, Քոման ձախէն սկսան վտանգաւոր յարձակումներ կազմակերպել, մինչ Մուսիալա կեդրոնէն Միւլըրի հետ լաւ աշխատանք տարաւ:

80-րդ վայրկեանին, Մայքըլ Օլիսէ դաշտ ներկայացաւ վիրաւոր Քիմ Մինճայի փոխարէն, եւ հազիւ 5 վայրկեան ետք ազատ հարուած մը ունեցաւ Պայերն: Սանէ հարուածեց ազատ հարուածը, որ վերադարձաւ Տորթմունտի «մարդկային պատնէշէն» Օլիսէի, որ ձախ ոտքով օդէն փոխանցեց Մուսիալային, որ գլխու հարուածով գրաւեց Տորթմունտի բերդը: Արդիւնք` 1-1: Տորթմունտ, որ իր դաշտին վրայ 2019-էն (2-0) ի վեր չէր կրցած յաղթել Պայերնի, անգամ մը եւս ձախողեցաւ եւ բաւականացաւ 1 կէտով: Պէտք է ըսել, որ այս կէտը յաղթանակ էր Տորթմունտի համար, որ ամբողջ մրցումին 2 անգամ վտանգեց Պայերնի բերդապահը, մինչ զուիցերիացի բերդապահ Կրեկոր Քոպել յաւելեալ առիթներ զսպեց Պայերնի ճնշումին վրայ:

Անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ունիոն Պերլինի դաշտին վրայ: Ֆրիմփոնկ եւ Շիք նշանակեցին Լեւերքուզընի կոլերը, մինչ Ժեոնկ Ուու-Եոնկ` Պերլինի միակ կոլը:

Ռետ Պուլ Լայփցիկ նոյեմբեր ամսուան ձախողութիւնները աւարտեց 5-րդ պարտութեամբ` 6 մրցումներու ընթացքին, եւ իր դաշտին վրայ 1-5 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Վոլֆսպուրկէն:

Ամուրա (2), Թոմաս, Մայեհլէ եւ Պեհրենս նշանակեցին Վոլֆսպուրկի կոլերը, մինչ Օրպան նշանակեց Լայփցիկի միակ կոլը:

Պէտք է ընդունիլ, որ Չաւի Սիմոնզի եւ Տաւիտ Ռաումի վիրաւորուելէն ետք խումբին միջնապահ գիծը բաւական կորսնցուց իր փայլքը, մինչ այս զոյգին միացան Եուսեֆ Փուլսըն, Լուքաս Քլոսթերման եւ Էլիիֆ Էլմաս` վիրաւորներու ցանկին վրայ:

Ստորեւ` 12-րդ հանգրուանի արդիւնքները.

Տորթմունտ – Պայերն Միւնիխ 1-1
Ռետ Պուլ Լոյփցիկ – Վոլֆսպուրկ 1-5
Վերտըր Պրեմըն – Շթութկարթ 2-2
Ֆրայպուրկ – Մէօնշընկլատպախ 3-1
Աուկզպուրկ – Պոխում 1-0
Ունիոն Պերլին – Պայեր Լեւերքուզըն 1-2
Զանքթ Փաուլի – Հոլշթայն Քիլ 3-1

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄԿԷՏ
1.- Պայերն Միւնիխ30 (37-8)
2.- Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ23 (27-16)
3.- Պայեր Լեւերքուզըն23 (28-19)
4.- Ռետ Պուլ Լայփցիկ21 (19-14)
5.- Պորուսիա Տորթմունտ20 (23-19)
6.- Ֆրայպուրկ)20 (16-16)
………………………………
16.- Հայտընհայմ10 (15-20)
17.- Հոլշթայն Քիլ5 (13-31)
18.- Պոխում)2 (10-33)
Նախորդը

«Լիպերթատորես» Բաժակ. Պոթաֆոկօ 10 Մարզիկներով Շահեցաւ Տիտղոսը

Յաջորդը

«Պէյրութ Մարաթոն» Միութիւն. «Ծննդեան Մրցումը»` Ճիւնիի Մէջ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?