Այժմու թիւ 2 թենիսվումըն լեհ Իկա Շվիանթեք ընդունեց, թէ գործածած է դեղ մը, որ իր արեան քննութեան մէջ յայտնուած էր օգոստոսին սկիզբը աղջկանց ասիական մէկ մրցաշարքին: Ըստ թենիսի ֆետերասիոնին, Շվիանթեքի արեան մէջ գտնուած են թրիմեթազիտինի հետքեր, որոնք արգիլուած են մարզիկներու պարագային: Շվիանթեք յայտնեց, որ ինք մելաթոնին գործածած էր ճամբորդութեան ժամանակ` հանգիստ քնանալու համար, բայց առանց այլ նպատակի, որուն պատճառով ալ ֆետերասիոնը զինք մէկ ամիսով կախակայեց: Արդէն իսկ պատիժի ժամանակամիջոցը կ՛աւարտի յառաջիկայ շաբաթ:
Նկատի ունենալով, որ արեան մէջ գտնուած այդ արգիլուած թրիմեթազիտինի չափը շատ չնչին էր զայն 1 ամիսով պատժած են:
Նշենք, որ տղոց պարագային ալ նման ձեւի արգիլուած սթերոյտի հետքեր գտնուած էին 2 անգամ անցեալ մարտին, բայց օգոստոսին ֆետերասիոնը ոչ շատ յստակ պատճառներով չէր կախակայած այժմու թիւ 1 թենիսմեն իտալացի Եաննիք Սինըրը:
Նշենք, որ Շվիանթեք, որ թիւ 1 թենիսվումըն էր 125 շաբաթներ, 5 անգամ Կրան շլեմի մրցաշարքեր շահած էր եւ այս տարուան Ողիմպիական խաղերուն եղած էր առաջին լեհ թենիս խաղցողը, որ կը շահէր մետալ մը` շահելով պրոնզ մետալ: Ան այս տարի «Ռոլան Կարոս»-ը կրցած էր շահիլ միայն: «Ռոլան Կարոս»-ի իր 4-րդ տիտղոսն էր 2020, 2022 եւ 2023-էն ետք եւ 2022-ին ան շահած էր «Եու.Էս.Օփըն»-ը` Ֆլաշինկ Մետոզի մէջ:


