Թիակօ Մեսսի Իր Առաջին Մրցումը Ունեցաւ Իր Հօր Բացակայութեան
Լիոնել Մեսսիի անդրանիկ զաւակը` Թիակօ Մեսսի երէկ իր առաջին պաշտօնական մրցումը ունեցաւ Ինթեր Մայեմիի պատանիներու խումբին հետ (13 տարեկանէն վար): Մրցաշարքին կը մասնակցին հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկայէն 8 խումբեր: Անիկա տեղի կ՛ունենայ Ռոզարիոյի մէջ: 12 տարեկան Մեսսի թիւ 10 տարազը ընտրած էր, բայց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր խումբին հետ` Նիւելզ Օլտ Պոյզի պատանիներէն: Լիոնէլ Մեսսի իր կարգին սկսած...




















