Մարզական

Ըմբշամարտ.  Արթուր Ալեքսանեանի Յաղթանակը` Տարուան Լաւագոյն Մրցումներէն Մէկը

Ըմբշամարտ. Արթուր Ալեքսանեանի Յաղթանակը` Տարուան Լաւագոյն Մրցումներէն Մէկը

Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, Ողիմպիական խաղերու ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալներ շահած, չորս անգամ աշխարհի եւ եօթը անգամ Եւրոպայի ախոյեան, 97 քկ կշիռի Արթուր Ալեքսանեանի մէկ մրցումը ներառուած է ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի տարուան լաւագոյն մրցումներու ցանկին վրայ: Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը, Փարիզի ամառնային 33-րդ Ողիմպիական խաղերու գծով Ալեքսանեան-Ասաքալով մրցումը, ուր Ալեքսանեան յաղթած էր, ներառած է ընթացիկ տարուան լաւագոյն մրցումներու ցանկին մէջ: Փարիզի...

Ծանրաբարձութիւն.  Սիմոն Մարտիրոսեան Պիտի Բացակայի Մրցաշարքէն

Ծանրաբարձութիւն. Սիմոն Մարտիրոսեան Պիտի Բացակայի Մրցաշարքէն

Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ վաղը կը սկսի ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականէն պիտի բացակայի գերծանր կշիռի ներկայացուցիչ Սիմոն Մարտիրոսեան` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Հայաստանի տղոց ազգային խումբը պիտի մեկնի 9 ներկայացուցիչով, իսկ աղջկանց խումբը պիտի մեկնի 2 ներկայացուցիչով: Ստորեւ կը ներկայացնենք մարզիկներուն ելոյթներուն ժամանակացոյցը. 7 դեկտեմբերին, 61 քկ կշիռի մրցումներուն Գարիկ Չոլաքեան ժամը 14:00-ին: 8 դեկտեմբերին, 55 քկ կշիռի մրցումներուն,...

Լեւոն Ղասապօղլեանի Յիշատակին.  Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Վեթերանները Կը Մրցին

Լեւոն Ղասապօղլեանի Յիշատակին. Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Վեթերանները Կը Մրցին

Երկուշաբթի, 9 դեկտեմբերին, ժամը 11:30-ին, Երեւանի «Ճունիոր Սփորթ» դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ բարեկամական հանդիպում մը, վաղամեռիկ ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Լեւոն Ղասապօղլեանի յիշատակին: Իրար դէմ կը մրցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վեթերաններու ազգային խումբերը: Հայաստանի ազգային խումբին մաս պիտի կազմեն Արթուր Քոչարեանի, Վալերի Ալեքսանեանի եւ Արթուր Ոսկանեանի նման մարզիկներ: Ռուսիոյ կազմին մաս պիտի կազմեն Տիմիթրի Ալենիչեւ, Եկոր Թիթով, մարզիչ Օլեկ Ռոմանցեւ եւ...

Մանչեսթըր Սիթի Պիտի «Պայթեցնէ» Ձմեռնային Շուկան

Մանչեսթըր Սիթի Պիտի «Պայթեցնէ» Ձմեռնային Շուկան

Մանչեսթըր Սիթի յունուարի ձմեռնային փոխանցումներու շուկային տրամադրած է 240 միլիոն եւրօ, նոր խաղացողներ «գնելու» համար: Ըստ «Տէյլի Սթար»-ի, Սիթիի ղեկավարութիւնը կ՛ուզէ շատ արագ լուծում գտնել իր անյաջող ելոյթներուն` քանի մը խաղցող ձեռք ձգելով: Ըստ աղբիւրին, Սիթիի փոխանցման թեկնածու են Ռէալ Սոսիետատի միջնապահ Մարթին Սուպիմենտի, Նիւքեսըլի միջնապահ Պրունօ Կիմարայեշ եւ Սփորթինկ Լիզպոնի շուէտացի յառաջապահ Վիքթոր Եոքերեշ: Նշենք, որ Կուարտիոլայի գլխաւորած խումբը...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Պայերն Միւնիխ Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պայերն Միւնիխ Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Գերմանիոյ մէջ երեքշաբթի գիշեր քանի մը մրցում տեղի ունեցաւ բաժակի մրցաշարքի` «Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ»-ի Գ. հանգրուանի գծով: Պայերն Միւնիխ հիւրընկալեց անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզընը, եւ գեղեցիկ մրցումէ մը ետք 1-0 արդիւնքով Լեւերքուզըն յաղթանակով դուրս եկաւ` մեծապէս օգտուելով Մանուէլ Նոյըրի կարմիր քարտէն: Իր ասպարէզին մէջ առաջին կարմիր քարտը ստացաւ Նոյըր, որ 16-րդ վայրկեանին իր մեծ քառակուսիէն դուրս եկաւ գլխու...

«Էն. Պի. Էյ.»  Միլուոքի Եւ Նիւ Եորք Առանց Պարտութեան Հասան Քառորդ Աւարտական

«Էն. Պի. Էյ.» Միլուոքի Եւ Նիւ Եորք Առանց Պարտութեան Հասան Քառորդ Աւարտական

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, ուր տեղի ունեցան «Էմիրէյթս Էն. Պի. Էյ. Քափ»-ի 4-րդ եւ վերջին մրցումները` խմբակներու առաջին հանգրուանին: Միակ խումբերը, որոնք կրցան յաղթել իրենց 4 մրցումներուն ալ, Արեւելեան շրջանի առաջին երկու խմբակներու պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբերն են` Նիւ Եորք Նիքս եւ Միլուոքի Պաքս: Նիւ Եորք Նիքս 121-106 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օրլանտօ Մեճիքը, եւ երկու խումբերն ալ հասան...

2034-ի Մոնտիալ.  ՖԻՖԱ-ն Կրկին Անգամ Կը Խախտէ Աւանդութիւնները

2034-ի Մոնտիալ. ՖԻՖԱ-ն Կրկին Անգամ Կը Խախտէ Աւանդութիւնները

2034-ի Մոնտիալի գլխաւոր եւ միակ թեկնածուն կը մնայ Սէուտական Արաբիան, եւ այդ ծրագիրին համար ՖԻՖԱ-ն արդէն իսկ մեծ գլխու ցաւի մէջ կը գտնուի: Ասիկա միայն հանրային քննադատութեան չի վերաբերիր: Քաթարի Մոնտիալին նման, Սէուտական Արաբիոյ Մոնտիալն ալ պիտի չկատարուի ամրան, այլ` ձմրան: 2022-ին հիմնական պատճառը եղանակային տաք պայմաններն էին, բայց այժմ այդ չէ միակ պատճառը: 2022-ին Մոնտիալը տեղի ունեցած էր նոյեմբեր-դեկտեմբեր...

Թենիս.  Խաչանով 19-րդ Դիրքի Վրայ, Իսկ Աւանէսեան` 44

Թենիս. Խաչանով 19-րդ Դիրքի Վրայ, Իսկ Աւանէսեան` 44

Կարէն Խաչանով 2024 տարին աւարտեց 19-րդ դիրքի վրայ, տղոց թենիսի ընդհանուր դասաւորման մէջ: Խաչանով, որ 2019-ի ամրան թիւ 8 դիրքին հասած էր, համեմատաբար աւելի «լուռ» տարի մը ունեցաւ, սակայն կրցաւ իր ասպարէզի 6-րդ եւ 7-րդ մրցաշարքի տիտղոսներ շահիլ: Ան Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին Դ. հանգրուան հասած էր եւ պարտուած աւելի ուշ ախոյեան դարձած Եաննիք Սինըրէն, որ թիւ 4 դասուած էր տարուան...

«Էն. Պի. Էյ.»  Պոսթըն Սելթիքս 17-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Սելթիքս 17-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս իր «Թի. Տի. Կարտըն» մարզադաշտին վրայ 108-89 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Մայեմի Հիթի վրայ: Ճէյլըն Պրաուն 29 կէտ նշանակեց, իսկ Ճէյսըն Թէյթըմ աւելցուց 18 կէտ եւ 11 ռիպաունտ` ի նպաստ Պոսթընի, որուն պահեստի մարզիկ Փէյթըն Փրիչըրտ 25 կէտով մեծ դեր ունեցաւ այս յաղթանակին մէջ, Պոսթընի 8-րդն էր իր վերջին 9 խաղերուն:...

Արտակ Գրիգորեան Աւարտեց Իր Ֆութպոլի Ասպարէզը

Արտակ Գրիգորեան Աւարտեց Իր Ֆութպոլի Ասպարէզը

Հայաստանի ազգային խումբի նախկին միջնապահ եւ Փիւնիկի մարզիկ Արտակ Գրիգորեան աւարտեց իր ֆութպոլի ասպարէզը, երկուշաբթի օր իր վերջին մրցումը կատարելէ ետք Փիւնիկի հետ: Փիւնիկ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Գանձասարի եւ մնաց 3-րդ դիրքի վրայ (34 կէտ)` 1 կէտով ետ մնալով Ուրարտուէն եւ Արարատ - Արմենիայէն: 37 տարեկան Գրիգորեան, որ իր ասպարէզի վերջին կոլն ալ նշանակած էր անցեալ 7 նոյեմբերին` Գանձասարի դաշտին...

Մարթինես, Ինցակի Եւ Ինթեր Մրցանակներ Շահեցան

Մարթինես, Ինցակի Եւ Ինթեր Մրցանակներ Շահեցան

Իտալիոյ ֆութպոլիստներու միութիւնը երէկ ընտրեց «Սերի Ա.»-ի 2023-2024 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկը, մարզիչը եւ խումբը: Ինթեր Միլանի արժանթինցի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինես շահեցաւ տարուան լաւագոյն մարզիկի մրցանակը: Սիմոնէ Ինցակի ընտրուեցաւ «Սերի Ա.»-ի լաւագոյն մարզիչ, իսկ ախոյեան Ինթեր Միլան ակումբը` բնականաբար լաւագոյն ակումբ: Ինթեր անցեալ տարեշրջանին 94 կէտով ախոյեանութիւնը շահած էր` 19 կէտի առաւելութիւն ունենալով Բ. դիրքը գրաւող Ա. Սէ. Միլանի վրայ:

Ֆութսալ.  Եունիսփորթ Յաջորդական Իր 7-րդ Յաղթանակը Տօնեց

Ֆութսալ. Եունիսփորթ Յաջորդական Իր 7-րդ Յաղթանակը Տօնեց

Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի 2024-2025 տարեշրջանի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին, պարագլուխի դիրքը գրաւող Եունիսփորթ 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած է Էքովիլ խումբը: Եունիսփորթի կոլերը նշանակած են Գեղամ Սիմոնեան (2), Համլեթ Մանուկեան (2), Տիգրան Վարդանեան եւ Սարգիս Մարգարեան: Էքովիլի կոլը նշանակած է Վաչագան Յաբէթեան: Այս յաղթանակէն ետք, Եունիսփորթ 21 կէտ ունենալով կը գլխաւորէ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան դասաւորման պարագլուխի դիրքը, ախոյեանութեան 7 մրցումներուն...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակ.  11 Յունուար 2025-ին` Արսենալ – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակ. 11 Յունուար 2025-ին` Արսենալ – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի («Էֆ. Էյ. Քափ») մրցաշարքի Գ. հանգրուանի (վիճակաձգութիւններուն, Արսենալ պիտի մրցի Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ, ամէնէն «հետաքրքրական» մրցումին: Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք մրցումը տեղի պիտի ունենայ 11 յունուարին, եւ Ասթոն Վիլա - Ուեսթ Համ մրցումին նման միակ ելոյթն է, որ իրար դէմ պիտի հանէ «Փրեմիեր լիկ»-ի երկու խումբերը: Ստորեւ` վիճակաձգութեան «Փրեմիեր լիկ»-ի խումբերուն մրցումները. այդ խումբերը մեծ մասամբ աւելի...

Իկոր Լեշչուք` Ռուսիոյ Պատմութեան Առաջին Կոլ Նշանակող Բերդապահը

Իկոր Լեշչուք` Ռուսիոյ Պատմութեան Առաջին Կոլ Նշանակող Բերդապահը

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Տինամօ Մոսկուա, որ կը մրցէր Ախմաթ Կրոզնիի դէմ, 22-րդ վայրկեանին կոլ մը ստանալէ ետք կը կարծուէր, որ պարտութիւն մը պիտի կրէ, եւ վերջին յոյս մը ունէր հաւասարելու` 95-րդ վայրկեանին քոռնըր: Պրազիլցի Պիթելլօ, որ 65-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած էր, բարձրացուց գնդակը ձախ կողմէն, եւ բերդապահ Իկոր Լեշչուք վրայ հասնելով գլխու հարուածով նշանակեց հաւասարութեան կոլը ի...

Էտուարտօ Պովէ Կը Լաւանայ

Էտուարտօ Պովէ Կը Լաւանայ

Կիրակի գիշեր Ինթեր Միլան կը մրցէր Ֆիորենթինայի դաշտին վրայ` «Սերի Ա.»-ի 14-րդ հանգրուանին գծով մրցումին: Մրցումը բնական կ՛ընթանար մինչեւ 10-րդ վայրկեանը, երբ Ինթեր քոռնըր մը շահեցաւ: Քոռնըրէն ետք գնդակը հասաւ նետերլանտցի Տենզել Տումֆրիզի, որ բոլորէն բարձր ցատկեց գլխու հարուած տալով գնդակին, զոր զսպեց բերդապահ Տաւիտ Տը Խէա: Այդ վայրկեանէն ետք, Ֆիորենթինայի ձախ կողմի միջնապահ Էտուարտօ Պովէ քիչ մը անբնական վիճակ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Յաղթեց Սիթիի Եւ Կը Սուրայ. Ռէալ Կը Մօտենայ Պարսելոնային

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Յաղթեց Սիթիի Եւ Կը Սուրայ. Ռէալ Կը Մօտենայ Պարսելոնային

«Փրեմիեր լիկ»-ի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ «գագաթի մրցում»-ը` պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլի եւ Բ. դիրքը գրաւող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի միջեւ, Էնֆիլտի մէջ: Պէտք է ըսել, որ Լիվըրփուլ մրցումին գրեթէ 90 վայրկեաններուն տիրապետեց եւ կրցաւ կանուխ կոլ ալ նշանակել, երբ 2 վայրկեան առիթներ ստեղծելէ ետք Սիթիի բերդին վրայ, 12-րդ վայրկեանին Սալահի փոխանցումէն օգտուելով, Քոտի Կաքփօ նշանակեց առաջին կոլը:...

Բարսեղեան Գեղեցիկ Կոլ Մը Նշանակեց

Բարսեղեան Գեղեցիկ Կոլ Մը Նշանակեց

Սլովան Պրաթիսլաւա Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին գծով կոլ մը ստանալէ ետք, Տուքլա Պանսքա Պիսթրիցա խումբին դէմ կրցաւ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրել: Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան գեղեցիկ եւ անզսպելի հարուածով մը նշանակեց Սլովանի հաւասարութեան կոլը 48-րդ վայրկեանին` օգնելով իր խումբին, որ վերագրաւէ պարագլուխի դիրքը: Խումբը 1 մրցում պակաս կատարած է Զիլինայէն (Բ. դիրք): Ասիկա Բարսեղեանի 12-րդ կոլն էր...

Դահուկարշաւ.  Ողիմպիականի Կրկնակի Ախոյեան Շիֆրին Ծանրօրէն Վիրաւորուեցաւ

Դահուկարշաւ. Ողիմպիականի Կրկնակի Ախոյեան Շիֆրին Ծանրօրէն Վիրաւորուեցաւ

Ամերիկացի լեռնադահոյկի ախոյեան Միքայելլա Շիֆրին շաբաթավերջին Քիլինկթընի (Վերմոնթ) մէջ ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ, երբ իր 100-րդ տիտղոսը շահելու կը սուրար: Շիֆրին (29 տարեկան) կը հասնէր աւարտի գիծին, երբ անակնկալ ձեւով իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց եւ զարնուեցաւ ցանկապատի նման անցարգելի մը, ապա գլխիվայր դառնալէ ետք զարնուեցաւ այլ անցարգելի մը եւ կռնակին վրայ պառկած մնաց, մինչեւ որ օգնութիւն հասնի: Ըստ ամերիկեան աղբիւրներու, Շիֆրինի ստամոքսի աջ...

Սալահ Կրնայ Միանալ Ինթեր Մայեմիի

Սալահ Կրնայ Միանալ Ինթեր Մայեմիի

Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ կրնայ տարեշրջանի աւարտին լքել Լիվըրփուլը եւ միանալ Ինթեր Մայեմիի: Ամերիկեան ակումբի ղեկավարութիւնը Տէյվիտ Պեքհամի գլխաւորութեամբ կը պատրաստուի եգիպտացի ֆութպոլիստին շահաւէտ առաջարկ մը ներկայացնելու, եթէ ան որոշէ հեռանալ Լիվըրփուլէն այս եղանակի աւարտին: Սալահի ծառայութիւններով հետաքրքրուած են նաեւ Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան ակումբներ, ինչպէս նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Ինթեր Միլան: Յիշեցնենք, թէ Ինթեր Մայեմիի մաս կը կազմէ նաեւ...

Ճատրակ.  ՖԻՏԷ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ Հայաստան Ունի 5 Ներկայացուցիչ

Ճատրակ. ՖԻՏԷ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ Հայաստան Ունի 5 Ներկայացուցիչ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն, հրապարակած է դեկտեմբեր ամսուան ճատրակի նոր դասաւորումը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, տղոց դասաւորման մէջ Հայաստանի ունի երկու ներկայացուցիչ: Հայկ Մարտիրոսեան 70-րդ դիրքը կը գրաւէ, իսկ Շանթ Սարգսեան` 85-րդ: Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային խումբի նախկին խմբապետ Լեւոն Արոնեան, որ այժմ կը մրցի Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ, կը գրաւէ 11-րդ դիրքը: Աղջկանց դասաւորման մէջ, Էլինա Տանիէլեան կը գրաւէ 49-րդ դիրքը,...

Page 155 of 1275 1 … 154 155 156 … 1,275

Արխիւներ