«Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի «Եուրոփա լիկ»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-1 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կրցաւ 3-2 արդիւնքով յաղթելՊոտօ Կլիմթի, Օլտ Թրաֆորտի մէջ:
Ռուպեն Ամորիմ իր առաջին յաղթանակը տօնեց Եունայթըտի հետ, եւ այժմ խումբը Օլտ Թրաֆորի մէջ յաջորդական 6 մրցումներ անյաղթ է:
Մրցումը արագ սկսաւ եւ 49 երկվայրկեան վերջ, Ռասմուս Հոյլունտի աշխատանքէն ետք Ալեխանտրօ Կառնաչօ գնդակը զետեղեց նորվեկիական բերդին մէջ: 19-րդ եւ 23-րդ վայրկեաններուն Պոտօ Կլիմթ փոխադարձեց արագ կոլերով, բայց Հոյլունտ արդիւնքը հաւասարեցուց 45-րդ վայրկեանին:
50-րդ վայրկեանին, նոյնինքն Հոյլունտ նշանակեց Եունայթըտի 3-րդ եւ յաղթանակի կոլը, օգտուելով Ուկարթէի փոխանցումէն:
Դանիացի Հոյլունտ մրցումին աստղն էր, մինչ Մազրաուի, Ուկարթէ Կառնաչօ իրենց կարգին շատ լաւ ելոյթ ունեցան` յաղթանակը նուիրելով մարզիչին, որ ըսաւ, թէ «իր տունը կը զգայ հոս» (Օլտ Թրաֆորտը):
Հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Ա.Էս.Ռոմա 2-2 արդիւնքով հեռացաւ Թոթենհամի դաշտէն:
Լոնտոնեան կազմը` Թոթենհամ, շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ մանաւանդ առաջին կիսախաղին, սակայն Ռոմայի բերդապահը` սերպ Միլէ Շվիլար, ինչպէս նաեւ պաշտպաններ Էնտիքա եւ Մաթս Հումելզ շատ լաւ ելոյթ ունեցան:
Էնտիքա 20-րդ վայրկեանին նշանակեց Ռոմայի հաւասարութեան կոլը` պատասխանելով Սոնի փենալթիին (5-րդ վայրկեանին): Կալեսցի Պրենըն Ճոնսըն կոլ մը եւս աւելցուց ի նպաստ Թոթենհամի, որ մինչեւ 90-րդ վայրկեան 2-1 արդիւնքով կը յաղթէր:
Ռոմայի մէկ քոռնըրէն ետք, գնդակը հասաւ Անճելինոյի, որ ձեւով մը զայն հասցուց Հումելզի, որ փրկեց Ռոման հաստատ պարտութենէ մը` ուրախ պահելով Իտալիոյ մայրաքաղաքի ակումբը եւ նոր մարզիչ Քլաուտիօ Ռանիերին:
Ստորեւ` 5-րդ հանգրուանի կարեւորագոյն արդիւնքները.
Նիս – Ռէյնճըրզ 1-4
Թոթենհամ – Ա.Էս.Ռոմա 2-2
Մէյթլենտ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 1-2
Սլաւիա Փրակա – Ֆեներպահչէ 1-2
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պոտօ Կլիմթ 3-2
Ռէալ Սոսիետատ – Այաքս 2-0
Պրակա – Հոֆենհայմ 3-0
Անտըրլեխթ – Փորթօ 2-2
Լացիօ – Լուտոկորեց 0-0
Քարապաղ – Լիոն 1-4
Աթլեթիք Պիլպաօ – Էլֆսպուրկ 3-0


