Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Բարսեղեան Նշանակեց Միլանի Դէմ. Սիթի Ձախողեցաւ Յաղթել

Նոյեմբեր 28, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի 5-րդ շաբթուան առաջին օրուան մրցումները մեծ մասամբ եղան հետաքրքրական. Տիգրան Բարսեղեանի խումբը` Սլովան Պրաթիսլաւա կը հիւրընկալէր Իտալիոյ Ա. Սէ. Միլանը:

Ամերիկացի Քրիսթեան Փուլիշիչ 21-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, բայց Բարսեղեան, որ ՀՄԸՄ Պէյրութի նախկին յառաջապահ Աշոտ Բարսեղեանի անդրանիկ զաւակն է, 3 վայրկեան ետք  Միլանի բերդապահ Մայք Մենեանի գլխուն վրայէն գնդակը կրցաւ զետեղել բերդին մէջ:

Բարսեղեան, որ կարգ մը կայքերու կողմէ ընտրուեցաւ մրցումին լաւագոյն մարզիկը, 88-րդ վայրկեանին գեղեցիկ խաղարկութենէ ետք գեղեցիկ էսիսթ մըն ալ տուաւ իր խմբակից Նինօ Մարսելլիի, որ նշանակեց Պրաթիսլաւայի 2-րդ կոլը, մինչ Միլան մրցումը յաղթեց 3-2 արդիւնքով:

Մանչեսթըր քաղաքի վերջին տարիներու զօրաւոր խումբը` Սիթի կը հիւրընկալէր Նետերլանտներու Ֆեյենուրտը, եւ կը կարծուէր թէ իր վերջին 5 յաջորդական պարտութիւնները ետին ձգած էր, եւ մարզիչ Կուարտիոլայի յոյսին նման իր մարզիկները ոգեւորուած կը թուէին, մանաւանդ երբ 53-րդ վայրկեանին նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ Սիթիի 3-րդ կոլը նշանակեց: 75-րդ վայրկեանին ամէն ինչ փոխուեցաւ, երբ ալճերիացի Անիս Հաճ Մուսա նշանակեց Ֆեյէնուրտի կոլը, որուն յաջորդեցին Սանթիակօ Խեմենեսի եւ Տաւիտ Հանքոյի կոլերը: Ի վերջոյ մրցումը վերջ գտաւ 3-3 արդիւնքով, բան մը, որ աւելի եւս ճնշումի տակ դրաւ մարզիչ Կուարտիոլան, որ քանի մը օր առաջ համաձայնած էր 2 տարիով երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը:

Պայերն Միւնիխ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Փարիզ Սեն Ժերմենը եւ 1-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:

Հակառակ արդիւնքին, Պայերն շատ աւելի մեծ արդիւնքով կրնայ յաղթել, եթէ ռուս բերդապահ Մաթվէյ Սաֆոնով իր լաւ օրերուն մէջ չըլլար:

Սաֆոնով քանի մը առիթով լաւ ձեւով զսպեց Մուսիալայի առիթները, ինչպէս նաեւ Նանէ եւ Քոման քանի մը առիթներ ստեղծեցին` հարուածելով բերդին մօտէն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Քիմ Մին-Ճայ, Քիմեչի քոռնըրէն ետք, երբ գնդակը, դառնալէ ետք Փարիզի բերդի ձողին, հասաւ Պայերնի յետսապահին, որ զայն զետեղեց ներս` գլխու հարուածով:

56-րդ վայրկեանին ֆրանսական ակումբի ծայրի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ ստանալէ ետք իր 2-րդ դեղին քարտը հեռացուեցաւ դաշտէն:

Պարսելոնա 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրեսթը շնորհիւ Լեվանտովսքիի տուպլէին (10-րդ եւ 92-րդ) մինչ Օլմօ նշանակեց Պարսայի 2-րդ կոլը:

Աթլեթիքօ Մատրիտ 6 կոլեր նշանակեց Սփարթա Փրակայի դաշտին վրայ, մինչ Արսենալ 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Փորթուգալի Սփորթինկ Լիզպոնը` այս վերջինիս դաշտին վրայ:

5 կոլ նշանակեց նաեւ Պայէր Լեւերքուզըն` Ռետ Պուլ Զալցպուրկի դէմ մրցումին:

Ինթեր Միլան դժուար մրցումի մը 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ռետ Պուլ Լայփցիկի` շնորհիւ ֆրանսացի Քասթելլօ Լուքեպայի կոլին (սխալմամբ իր բերդին մէջ):

Զուիցերիոյ մէջ Եանկ Պոյզ 1-6 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Աթալանթայէն:

Ստորեւ` 5-րդ շաբթուան առաջին օրուան արդիւնքները.

Սլովան Պրաթիսլաւա – Ա. Սէ. Միլան 2-3
Սփարթա Փրակա – Աթլեթիքօ Մատրիտ 0-6
Պարսելոնա – Պրեսթ 3-0
Պայեր Լեւերքուզըն – Ռետ Պուլ Զալզպուրկ 5- 0
Պայերն Միւնիխ – Փարիզ Սեն Ժերմեն 1-0
Ինթէր Միլան – Ռետ Պուլ Լայփցիկ 1-0
Մանչեսթըր Սիթի – Ֆեյենուրտ 3-3
Սփորթինկ Լիզպոն – Արսենալ 1-5
Եանկ Պոյզ – Աթալանթա 1-6

 

Նախորդը

Միրանեան 2 Կոլ Նշանակեց

Յաջորդը

«Պէտք Է Ռուսական Կազը «Վռնտենք» Եւրոպական Շուկայէն» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը

RelatedPosts

Ալպերթ Ալեքսանեան Հիանալի  Տարեշրջան Մը Բոլորեց Նորվեկիոյ Մէջ
Մարզական

Ալպերթ Ալեքսանեան Հիանալի Տարեշրջան Մը Բոլորեց Նորվեկիոյ Մէջ

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ».  Տորթմունտ Դուրս Ձգեց Ֆրանքֆորթը
Մարզական

«Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ». Տորթմունտ Դուրս Ձգեց Ֆրանքֆորթը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Աղջկանց Ազգերու Լիկա.  Սպանիա – Գերմանիա` Աւարտականին
Մարզական

Աղջկանց Ազգերու Լիկա. Սպանիա – Գերմանիա` Աւարտականին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?