Երէկ յստակացան այս տարուան «Էմ. Էլ. Էս.»-ի (Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութիւն) աւարտականի զոյգ խումբերը:
Արեւմտեան շրջանի ախոյեան դարձաւ Լոս Անճելըս Կալաքսի, որ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սիեթըլ Սաունտըրզը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց սերպ յառաջապահ Տեյան Եովելիչ 85-րդ վայրկեանին` Ռիքի Փուիճի փոխանցումէն օգտուելով:
Փուիճ, որ նախապէս Պարսելոնայի աստղերէն էր, 2022-ին միացաւ Լոս Անճելըսի խումբին` մարզիչ Չաւիի հետ անհամաձայնութեան պատճառով, եւ 2 տարիէ ի վեր կը փայլի «Էմ. Էլ. Էս.»-ի մէջ:
Մարքօ Ռոյս իր կարգին մաս կը կազմէ Լոս Անճելըսի խումբին, որ 7 դեկտեմբերին պիտի մրցի Արեւելեան շրջանի ախոյեան Նիւ Եորք Ռետ Պուլզ խումբին դէմ:
Արեւելեան շրջանի աւարտականին Նիւ Եորքի խումբը 1-0 արդիւնքով յաղթեց Օրլանտօ Սիթիի, շնորհիւ քոլոմպիացի Անտրես Ռեյեսի կոլին:
Անցեալ փետրուարին երկու խումբերը մրցած էին իրար դէմ, եւ Լոս Անճելըս 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Նիւ Եորքին: