«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Տալաս Մեւրիքս կրցաւ 106-94 արդիւնքով յաղթական վերադառնալ Եութա Ճեզի դաշտէն, հակառակ անոր որ խումբին աստղերէն Լուքա Տոնչիչ յաջորդական 5-րդ մրցումը ըլլալով բացակայեցաւ: Առանց Տոնչիչի, Քայրի Ըրվինկ կրցաւ անգամ մը եւս ղեկավարել իր խմբակիցները, որոնք իրենց առաւելագոյնը տուին վերջին 5 մրցումներուն արձանագրելու 4-րդ յաղթանակը:
Քայրի 30 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց, մինչ Քուենթըն Կրայմզ 24 կէտ աւելցուց ի նպաստ Տալասի: Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն (16 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Տանիէլ Կաֆորտ (14 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) իրենց կարգին լաւ ձեւով կրցան պաշտպանել եւ կարեւոր ռիպաունտներ հաւաքել:
Ֆինիքս Սանզ Արիզոնայի մէջ 113-105 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց Սթեֆ Քըրիի Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին վրայ:
Հակառակ Պրատլի Պիլի բացակայութեան (անգամ մը եւս` վիրաւոր), Տեւըն Պուքըր (27 կէտ եւ 9 էսիսթ) եւ Քեւըն Տիւրենթ (21 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) կրցան կանուխէն մեծ առաւելութիւն ձեռք ձգել Կոլտըն Սթէյթի վրայ, որուն աստղը` Սթեֆ Քըրրի 23 կէտով բաւականացաւ:
Միլուոքի Պաքս վերագտաւ իր փայլքը եւ 124-114 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը:
Եաննիս Անթեթոքումփօ 42 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ կատարեց` ձեռք ձգելով թրիփըլ տապըլ եւ իր խումբը մղելով յաջորդական 5-րդ յաղթանակի:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 120-109
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 93-92
Պրուքլին Նեթց – Օրլանտօ Մեճիք 100-123
Մայեմի Հիթ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 121-111
Շիքակօ Պուլզ – Պոսթըն Սելթիքս 129-138
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 106-130
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 115-106
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 93-101
ԵՐԷԿ
Չարլոթ Հորնեթց – Աթլանթա Հոքս 104-107
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 96-111
Միլուոքի Պաքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 124-114
Ֆինիքս Սանզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 113-105
Եութա Ճեզ – Տալաս Մեւրիքս 94-106