Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիպերթատորես» Բաժակ. Պոթաֆոկօ 10 Մարզիկներով Շահեցաւ Տիտղոսը

December 2, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամերուն Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան «Լիպերթատորես» բաժակի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին կը մրցէին երկու պրազիլեան ակումբներ` Պոթաֆոկօ եւ Աթլեթիքօ Մինէյրօ: Աթլեթիքօ Մինէյրօ, որ Պելօ Հորիզոնթէի շրջանի խումբ է եւ 2013-ի «Լիպերթատորես» բաժակի տիտղոսակիր, թիւ 1 թեկնածուն էր, մինչ Պոթաֆոկօ Ռիօ Տը Ժանէյրոյի միայն 4-րդ խումբն է Ֆլումինենսէի, Ֆլամենկոյի եւ Վասքօ Տը Կամայի ետին, եւ միշտ այս եռեակին շուքին տակ մնացած է:

Մրցումը շատ արագ սկսաւ, եւ Պոթաֆոկօ հազիւ 30 երկվայրկեան անցած ստիպուեցաւ 10 մարզիկներով շարունակել մրցումը, երբ միջնապահ Կրեկորէ արժանթինցի միջնապահ Ֆաուսթօ Վերայի գլխուն հարուածեց իր ոտքով: Կրեկորէ դիտմամբ չըրաւ, բայց անշուշտ աւելի զգուշ պէտք էր ըլլար: Պոթաֆոկօ առանց իր լաւագոյն միջնապահ Կրեկորէին կրցաւ կոլ մը նշանակել` շնորհիւ մրցումին լաւագոյն մարզիկ Լուիշ Հենրիքէին` 35-րդ վայրկեանին: 9 վայրկեան չանցած, Աթլեթիքօ Մինէյրոյի բերդապահ Էվերսոն ֆաուլի ենթարկեց Հենրիքէն, եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին պաշտպան Ալեքս Թելես փենալթիով նշանակեց Պոթաֆոկոյի 2-րդ կոլը, 45-րդ վայրկեանին:

47-րդ վայրկեանին Հալքէն փոխանցում մը ստանալէ ետք, չիլիցի Էտուարտօ Վարկաս նշանակեց 2-1-ի կոլը` ի նպաստ Մինէյրոյի: Շատ բնական էր, որ Պոթաֆոկօ հակայարձակումներու պիտի դիմէր 10 մարզիկներով, եւ այդ մէկը յաջողեցաւ այս մրցումին, եւ 97-րդ վայրկեանին Ժունիոր Սանթոս կոլ մը եւս աւելցուց ի նպաստ Պոթաֆոկոյի, որ առաջին անգամ ըլլալով շահեցաւ «Լիպերթատորես» բաժակը:

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Կը Յաղթէ Առանց Տոնչիչի

Յաջորդը

«Պունտըսլիկա». «Քլասիքօ»-ն 1-1 Արդիւնքով Աւարտեցաւ

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.