«Էն.Պի.Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Լոս Անճելըս-Քլիփըրզ կրցաւ 121-96 արդիւնքով յաղթել Ուաշինկթընի մէջ տեղւոյն Ուիզըրտծի դէմ մրցումին:
Մրցումին աստղն էր Ճէյմս Հարտըն, որ 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, եւ ատիկա 2021-ի մարտէն վերջ առաջին մրցումն էր, որ Հարտըն իր նշանակած 43 կէտի սահմանը կը հասնէր: Հարտըն կրցաւ 32 վայրկեաններու ընթացքին նշանակել իր 43 կէտերը եւ 3-րդ մասի վերջերուն ստիպուեցաւ կիսաւարտ լքել մրցումը ցծաւ զգալով:
Սենթըր Իվիցաւ Զուպաց 18 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քլիփըրզի, որ իր վերջին 7 մրցումներէն 6-ին յաղթեց, մինչ Ուիզըրտ կրեց իր յաջորդական 13-րդ պարտութիւնը:
Աթլանթա Հոքս 135-124 արդիւնքով կրցաւ յաղթական դուրս գալ Քլիվլենտ Քեվելերզի դաշտէն: Քլիվլենտ, որ տարեշրջանի առաջին պարտութիւնը կրեց իր դաշտին վրայ, բազմիցս փորձեց մօտենալ Աթլանթայի կէտերուն, սակայն Թրէյ Եանկի 3 կէտնոց կողովը դաշտի կէսէն քիչ մը առաջ արդիւնքը դարձուց 129-122` մրցումի աւարտէն 1,23 վայրկեան առաջ արդիւնքը անհասանելիի դարձնելով:
Թրէյ Եանկ շատ լաւ առիթներ չունեցաւ կէտեր նշանակելու գետնի վրայ եւ 20 կէտով բաւականածաւ, մինչ ձեռք ձգեց իր ասպարէզի ամէնէն շատ էսիսթները` 22 էսիսթ կատարելով:
Տի Անտրէ Հանթըր (26 կէտ) եւ Ճէյլըն Ճոնսըն (22 կէտ) եղան առաւելագոյն կէտեր նշանակողները Աթանլանթա Հոքսէն, մինչ Տոնավըն Միչել (30 կէտ) եւ Էվըն Մոպլի (22 կէհ եւ 12 ռիպաունտ) եղան Քլիվլենտի լաւագոյնները, որոնք կը փորձէին ըլլալ «Էն.Պի.Էյ.»-ի պատմութեան առաջին խումբը, որ տարեշրջանի առաջին 19 մրցումներուն 18 յաղթանակ կ՛արձանագրէր:
Հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Տալաս Մեւրիքս կրցաւ 129-114 արդիւնքով յաղթել Նիւ Եորք Նիքսին: Քաայրի Ըրվինկ 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի, որ 11-րդ յաղծանակը արձանագրեց 19 ամիսներու ընթացքին, մինչ Ճէյլըն Պրանսըն 37 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիւ Եորքի, որ կրեց իր 8-րդ պարտութիւնը` 18-րդ մրցումին:
Ստորեւ` երէկուան խաղերուն արդիւնքները.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 96-121
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 115-122
Օրլանտօ Մեճիք – Շիքակօ Պուլզ 133-119
Ինտիանա Փէյսըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 121-114
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Աթլանթա Հոքս 124-135
Չարլոթ Հորնեթց – Մայեմի Հիթ 94-98
Տալաս Մեւրիքս – Նիւ Եորք Նիքս 129-114
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 93-119
Մենեսոթա Թեմպըրվուլվզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 104-115
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 131-111
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 101-119
Եութա Ճեզ – Տենվըր Նակեթց 103-122
Ֆինիքս Սանզ – Պրուքլին Նեթց 117-127
Կոլտըն Սթէյթ Ուտիըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 101-105


