Մինչեւ Այս Տարեշրջանին Աւարտը. Քարվըր Նիւքասըլի Մարզիչ
Նիւքասըլի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ 50 տարեկան Ճոն Քարվըր մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը պիտի ըլլայ խումբի մարզիչ: Ան չորս մրցումէ ի վեր կը վարէ ժամանակաւոր մարզիչի պաշտօնը` Էլըն Փարտուի հրաժարումէն ետք: Նիւքասըլ, որ այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 11-րդ դիրքը, շաբաթավերջին «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Հալ Սիթիին:
