
Յորդանանի գահաժառանգ իշխան Ալի Պըն Հիւսէյն իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ողջունեց Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միքայէլ Վան Փրաակի առաջադրած թեկնածութիւնը` ՖԻՖԱ-ի նախագահի ընտրութեան համար:
67 տարեկան Վան Փրաակ իր թեկնածութիւնը առաջադրեց` հինգ երկիրներու ֆետերասիոններուն զօրակցութիւնը ապահովելէ ետք:
Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ի այժմու 78 տարեկան նախագահ Սեփ Պլեթըր, որ 1998-էն ի վեր կը վարէ նախագահի պաշտօնը, շատերու համաձայն, հինգերորդ նստաշրջանի մը համար դարձեալ պիտի ընտրուի նախագահ: