
Գերմանական մամուլին համաձայն, Չելսիին մաս կազմող գերմանացի միջնապահ Անտրէ Շուրլէ հաւանաբար միանայ Պորուսիա Տորթմունտի եւ ըլլայ յառաջապահ Մարքօ Ռոյսը փոխարինողը: Կը կարծուի, որ վերջինս այս տարեշրջանին աւարտին պիտի լքէ իր ակումբը:
Նախքան այս լուրին հրապարակումը շշուկներ շրջան կ՛ընէին, որ Վոլֆսպուրկ ինք կ՛ուզէ գնել Շուրլէն` անոր համար վճարելով 30 միլիոն եւրօ, ինչ որ սակայն հերքուած էր գերմանական ակումբին կողմէ:
Նշենք, որ «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն Շուրլէ ցարդ մասնակցած է 14 մրցումի: Իբրեւ հիմնական մարզիկ միայն 5 անգամ դաշտ ներկայանալով ան նշանակած է 3 կոլ: