Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «ԶՈՆ» ճաշարանին մէջ (Մանսուրիէ), Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը կատարեց 2014 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ բազմաթիւ անձնաւորութիւններու:
Անոնց կարգին էին` երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Մոհամետ Աուայտաթ` Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարին ներկայացուցիչը, ողիմպիական միջազգային դասախօս Ժիհատ Սալամէ, Արաբական դպրոցական ֆետերասիոնի նախագահ Մազեն Քպայսի, ակումբներու, ֆետերասիոններու, հովանաւոր ընկերութիւններու նախագահներ եւ ներկայացուցիչներ, մարզական լրագրողներ եւ ախոյեան մարզիկները:
Նախքան այս հանդիսութեան սկսիլը, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Անթուան Շարթիէի յիշատակը:
Մարզիկներուն անունով իր խօսքը ուղղեց Լիբանանի ախոյեան Ժոզեֆ Շալհուպ, ապա ֆետերասիոնին նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց անոնց:
Նախքան մրցանակաբաշխութիւնը, յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան կարգ մը անձնաւորութիւններու: