Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, շաբաթ, 24 յունուարին, Մութթահետ Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ հիւրընկալեց Պիպլոսը:
Կը կարծուէր, որ Պիպլոս ինք պիտի ըլլար մրցումին յաղթականը` նկատի ունենալով, որ մրցումին աւարտէն տասը երկվայրկեան առաջ անիկա 81-79 արդիւնքով կը գերազանցէր դաշտին տէրը:
Սակայն, Մութթահետ, շնորհիւ Մոհամետ Աքքարիի, երեք կէտնոց կողով մը նշանակելով տարաւ վերջնական յաղթանակը` 82-81 արդիւնքով (20-15, 41-38, 61-65 եւ 82-81):
Պիպլոսէն Եանկպլատ Ճեսմըն նշանակեց 30 կէտ, 8 ռիպաունտ, իսկ Մութթահետէն Տուարիք Սփենսըր` 24 կէտ եւ 6 ռիպաունտ:
Օրուան իրաւարարներն էին Ֆաուզի Աշքութի, Ժորժ Տըրղամ եւ Փոլ Սքայեմ: