Նախորդ շաբաթավերջին Աւստրիոյ Զակունս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի պատանեկան ձմեռնային 12-րդ ողիմպիականի փառատօնին բացման արարողութիւնը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ողիմպիականին հանդիսաւոր բացումը կատարեցին Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշեր եւ Լիխթնշթայնի գահաժառանգ Ալոյիզ իշխանը:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան նշուած երկիրներու ութ քաղաքներու մէջ եւ պիտի աւարտին 30 յունուարին:
45 երկիրներու 14-18 տարեկան երկսեռ մարզիկները պիտի պայքարին 29 մետալներու համար` ութ մարզաձեւերու մէջ:
Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ այս խաղերուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Ռաֆիկ Վիրապեան, Արման Մատինեան, Տմիթրի Թրիշչիլիով (դահուկարշաւ) եւ Անասթասիա Գալուստեան (գեղասահորդ):