Պորուսիա Տորթմունտ, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, նախորդ շաբաթավերջին ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Ֆորթիւնա Տիւսելտոլֆի դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Մխիթարեան, որ վերջերս ապաքինած էր իր ստացած վնասուածքէն, նստած էր խումբին պահեստի մարզիկներուն հետ: Ան մրցումին մասնակցեցաւ Բ. կիսախաղին վերջաւորութեան, երբ դաշտ ներկայացաւ 72-րդ վայրկեանին: