Իր լուրը քաղելով Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ երկարատեւ քննարկումներէ ետք ՖԻՊԱ-ն պաշտօնապէս փոխեց աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն վերաբերող կարեւոր որոշումները:
Նոր կիրարկուելիք դրութեան համաձայն, 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումները պիտի սկսին նոյեմբեր 2017-ին եւ պիտի աւարտին փետրուար 2019-ին:
Զտումի այս մրցումներուն հաւաքականները հանդէս պիտի գան ամբողջ տարուան եւ ոչ թէ միայն ամրան ընթացքին եւ սեպտեմբերին, այնպէս ինչպէս որ է ներկայիս: Այդ մրցումները տեղի պիտի ունենան երթուդարձի դրութեամբ, այսինքն` իւրաքանչիւր խումբ մրցումներ պիտի հիւրընկալէ նաեւ իր սեփական դաշտին վրայ:
Այս նոր դրութիւնը մեծ կարելիութիւններ կը ստեղծէ նաեւ Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականին համար:
Կը նախատեսուի, որ 2016-ին Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականը մասնակցի Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան, իսկ 2017-ին Հայաստան պիտի մասնակցի աշխարհի զտումի մրցումներուն` իր մրցակիցները հիւրընկալելով Հայաստանի մէջ: