Հայ թեքուանտոյիստ Արման Երեմեան` իր մասնակցութիւնը բերելով Օրլանտոյի մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էս. Օփըն»-ին, տիրացած է արծաթ մետալին, կը յայտնէ ArmSport.am:
80 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկող հայ մարզիկին համար այս շատ կարեւոր փորձառական մրցաշարք էր` նկատի ունենալով, որ ան իր հերթական վարկանշային կէտերը ապահովեց:
Նշենք, որ Երեմեան կը պայքարի 2016-ի ողիմպիական խաղերուն տոմս մը ապահովելու համար: