Մարզական

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը Կը Վճռուի Ախոյեանին Անունը

Լուսանկարը տրամադրեց ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ ճակատումը չկրցաւ վճռել Լիբանանի ախոյեանին անունը` նկատի ունենալով, որ նախորդ տարեշրջանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (2-2): Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ նոր ախոյեանին անունը վճռուի վաղը, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, երբ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) երկու խումբերը հինգերորդ եւ...

Սամուէլ Էթու Վերադարձաւ «Սերի-Ա.»

Սամուէլ Էթու Վերադարձաւ «Սերի-Ա.»

Անգլիական Էվըրթընի հետ կէս տարեշրջան ելոյթ ունենալէ ետք, հանրածանօթ յառաջապահ Սամուէլ Էթու տեղափոխուեցաւ Սամտորիա, յայտնեց վերջինիս պաշտօնական կայքը: Քամերունցի վեթերանը «Սերի-Ա.»-ի մէջ խաղալու փորձառութիւն ունի: Ան 2009-2011 տարեշրջանին ելոյթ ունեցած է Ինթեր Միլանի հետ եւ անոր հետ հանդիսացած Իտալիոյ ախոյեան, Իտալիոյ բաժակակիր եւ գերբաժակակիր: Նշենք, որ Էվըրթընի հետ Էթու ընդհանրապէս նկատի կ՛առնուէր իբրեւ պահեստի մարզիկ եւ շատ քիչ դաշտին վրայ...

Հայ Պասքեթպոլիստները Սկսան Նախապատրաստուելու Համահայկական Խաղերուն

Հայ Պասքեթպոլիստները Սկսան Նախապատրաստուելու Համահայկական Խաղերուն

Համահայկական 5-րդ խաղերուն պասքեթպոլի մրցաշարքին յաղթած Լոս Անճելըսի խումբը սկսաւ նախապատրաստուելու այս տարուան օգոստոսին տեղի ունենալիք 6-րդ խաղերուն, այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Լոս Անճելըսի խումբը դարձեալ հանդէս պիտի գայ Քարլ Պարտաքեանի գլխաւորութեամբ, որ կը հանդիսանայ նաեւ Հայաստանի մեծերու հաւաքականին գլխաւոր մարզիչը: ArmSport.am նաեւ կը նշէ, որ Լոս Անճելըս պիտի ներկայանայ նաեւ աղջկանց խումբով` դարձեալ Պարտաքեանի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ահլի Նապաթիէ Մրցումը` Պուրճ Համուտի Մէջ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 24 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Ահլի Նապաթիէի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին- տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի անպայման յաղթանակ մը արձանագրել իրենց մրցակիցին դէմ` դասաւորման վերջին դիրքերուն մէջ իրենց դիրքը աւելի ամրապնդելու համար:

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Միջազգային Բաց Մրցաշարք.  Իտալացի Սեփփի Ստեղծեց Մեծագոյն Անակնկալը` Մրցաշարքէն Դուրս Ձգելով 2-րդ Դասուած Զուիցերիացի Ֆետերերը

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Միջազգային Բաց Մրցաշարք. Իտալացի Սեփփի Ստեղծեց Մեծագոյն Անակնկալը` Մրցաշարքէն Դուրս Ձգելով 2-րդ Դասուած Զուիցերիացի Ֆետերերը

Անտրէաս Սեփփի Ռոժէ Ֆետերեր Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող 2015 թուականի առաջին թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ արձանագրուեցաւ մրցաշարքին մեծագոյն անակնկալը, երբ 17 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած եւ 2-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր դուրս մնաց մրցաշարքէն` 6-4,7-6, 4-6 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք իտալացի Անտրէաս Սեփփիէն, որ աշխարհի դասաւորման մէջ դասուած է 45-րդ: Նշենք, որ...

«Լա Լիկա». Վաղը` Վալենսիա – Սեւիլլա

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ, Ռալ Մատրիտ (առաջին) եւ Պարսելոնա (2-րդ) իրենց մրցումները պիտի կատարեն իրենց դաշտերէն դուրս` յաջորդաբար հիւրը ըլլալով Քորտոպայի եւ Էլչէի: Նշենք, որ մրցում մը նուազ կատարած Ռէալ Մատրիտ այժմ կէտի մը առաւելութիւն ունի Պարսելոնայի վրայ: Մրցում մը նուազ կատարելէ բացի, Ռէալ Մատրիտ միակ խումբն է, որ ցարդ հաւասարութիւն չէ...

Աշխարհի Ամէնէն Հարուստ Ֆութպոլի Ակումբներուն Դասաւորումը

Աշխարհի Ամէնէն Հարուստ Ֆութպոլի Ակումբներուն Դասաւորումը

Deloitte ընկերութեան կողմէ հրապարակուած աշխարհի ամէնէն հարուստ ֆութպոլի ակումբներուն նոր դասաւորման մէջ Ռէալ Մատրիտ յաջորդաբար 10-րդ անգամ ըլլալով կը գրաւէ առաջին դիրքը: Ստորեւ` առաջին քսանին դասաւորումը. 1.- Ռէալ Մատրիտ 549,5 միլիոն եւրօ 2.- Մանչեսթըր Եունայթըտ 518 միլիոն եւրօ 3.- Պայէրն Միւնիխ 487,5 միլիոն եւրօ 4.- Պարսելոնա 484,6 միլիոն եւրօ 5.- Փարիզ Սեն Ժերմեն 474,2  միլիոն եւրօ 6.- Մանչեսթըր Սիթի 414,4 ...

«Քալչիօ». Այսօր` Լացիօ Ռոմա – Ա. Սէ. Միլան

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Լացիօ Ռոմա պիտի հիւրընկալէ Ա. Սէ. Միլանը: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (Փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն գրաւած դիրքերը. ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով) ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Քալիարի (18) - Սասուոլօ (11) 19:00 19:00 Լացիօ Ռոմա (5) - Ա. Սէ. Միլան (8) 21:45 ՎԱՂԸ...

Միքան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Դաւիթ Մինասեանի Հետ

Միքան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Դաւիթ Մինասեանի Հետ

Միքա Երեւանի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ խումբը իր կազմին միացուց 22 տարեկան միջնապահ Դաւիթ Մինասեանը` անոր հետ ստորագրելով երկու տարուան պայմանագրութիւն մը: Նշուեցան նաեւ, որ ձմեռնային այս արձակուրդին ընթացքին, անոր այս փոխանցումը եղաւ առաջինը, նախքան բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան վերսկսումը: Մինասեան, որ նախորդ տարի մաս կը կազմէր Ուլիսի, ելոյթ ունեցած է նաեւ Փիւնիկի հետ: Շատ հաւանական է նաեւ, որ...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Շաբաթավերջին Դ. Հանգրուանի Մրցումները

Այս շաբաթավերջին կատարուելիք Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Դ. հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան շարք մը հետաքրքրական ճակատումներ, որոնց ընթացքին միշտ ալ կ՛արձանագրուին անակնկալներ: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (Ժամերը Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Պլեքպըրն - Սուանզի 14:45 Պիրմինկհեմ - Ուեսթ Պրոմուիչ 17:00 Քարտիֆ - Ռիտինկ 17:00 Չելսի - Պրետֆորտ 17:00 Տերպի Քաունթի - Չեսթըրֆիլտ 17:00 Մանչեսթըր Սիթի - Միտըլզպորօ 17:00 Փրեսթըն...

Ֆութսալ. Այսօր` Պէյրութի Դրամատուն – Մայատին Երրորդ Մրցումը

Այսօր` ուրբաթ, 23 յունուարին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի կ՛ունենայ Պէյրութի դրամատուն - Մայատին երրորդ ճակատումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ: Հակառակ անոր որ առաջին մրցումին Մայատին պարտուեցաւ, սակայն երկրորդին 7-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով` երկարաձգումէն ետք յաջողեցաւ հաւասարութիւն մը արձանագրել` 1-1 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն քոլոմպիացի Անճելոթ Քարօ հեթրիք մը...

Ֆրանսայի Ազգային Խումբը Հայաստանը Պիտի Հիւրընկալէ Նիսի Մէջ

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին մաս կը կազմէ Թ. խմբակին: Այս խմբակին մաս կազմող խումբերուն հետ բարեկամական մրցումներ կը կատարէ Եուրօ-2016-ը հիւրընկալող երկիրը` Ֆրանսա: 10 հոկտեմբեր 2014-ին Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ մրցեցան Հայաստան եւ Ֆրանսա: Հիւր խումբը 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 8 հոկտեմբերին: Իր լուրը...

«Լիկ-1». Այսօր` Նիս – Մարսէյ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 22-րդ հանգրուանի բաց մրցումին, այսօր Նիս իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Մարսէյը: Վերջինս յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային ժամանակաւորապէս պիտի գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Ստորեւ` 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Նիս (10) - Մարսէյ (2) 21:30 ՇԱԲԱԹ Լիլ (12) - Մոնաքօ (5) 18:00 Պասթիա (15) - Պորտօ (7) 21:00...

«Սքուտերիա» Նշեց Իր Հիմնադրութեան Առաջին Տարեդարձը

Լիբանանի մէջ «Ֆեռարի» ընկերութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ «Սքուտերիա» - Լիբանան յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Փանորամա»-ի մէջ («Պիել»-ի շրջան), նշեց իր հիմնադրութեան առաջին տարեդարձը` ներկայութեամբ աւելի քան երեք հարիւր հրաւիրեալներու: Այս հանդիսութեան, որուն ներկայ էին քաղաքական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ, ներկաներուն անակնկալ մը մատուցուեցաւ, երբ առաջին անգամ ըլլալով անոնց ներկայացուեցաւ «Լա Ֆերառի» կարմիր ինքնաշարժը:

Արազ Օզպիլիս. Սպարտակ-2-ի Հետ Պիտի Մեկնի Թուրքիա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս իր վերականգնումի փորձերը պիտի շարունակէ Թուրքիոյ մէջ, երբ ան հոն մեկնի Սպարտակ-2 խումբին հետ, կը յայտնէ ռուսական ակումբին կայքը: Թուրքիա մեկնիլը պայմանաւորուած է անով, որ ան վերականգնումի փորձերը սկսած է ֆիզիոթերափի մասնագէտ Խաւիէ Սալեսի հսկողութեամբ, որ ներկայիս կ՛աշխատի Սպարտակ-2-ի հետ: 8-16 յունուարին Օզպիլիս սկսաւ իր անհատական փորձերուն: Կը կարծուի, որ մինչեւ այս ամսուան...

Փինկ Փոնկ. Այսօր` 2014 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւն

Լիբանանի փինկ փոնկի 2014 տարուան մրցանակակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 23 յունուարին, երեկոյեան ժամը 21:00-էն սկսեալ, «Զոն» ճաշարանին մէջ (Մանսուրիէ): Այս մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ լիբանանցի գործարար Ուատիհ Ապսիի:  

Արթուր Եուզպաշեան Վերադարձաւ Երեւան

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ Արթուր Եուզպաշեան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու է, նախորդ շաբաթ մեկնած էր Մոլտովա` Թիրասփոլի հետ փորձառական շրջան մը անցընելու նպատակով: ArmSport.am Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչ Սարգիս Յովսէփեանէն տեղեկացաւ, որ ֆութպոլիստը վերադարձած է հայրենիք եւ իր ելոյթները պիտի շարունակէ իր հարազատ ակումբին հետ` յայտնապէս չհամաձայնելով Թիրասփոլի հետ:

Ժիւտօ. Վաղը` 2014 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւն

Ժիւտոյի 2014 տարուան մրցանակակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` շաբաթ, 24 յունուարին, յայտնեց Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ հաղորդագրութիւնը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին` Պուտտա ակումբին մէջ (Ատմա), երեկոյեան ժամը 18:00-էն սկսեալ: Այս մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուիի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի:

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Միջազգային Մրցաշարք. Տիոքովիչ Եւ Ուիլիըմզ` Դէպի Գ. Հանգրուան

Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, թիւ 1 դասուած մարզիկներ Նովաք Տիոքովիչ եւ Սերենա Ուիլիըմզ հանգիստ յաղթանակներ արձանագրելով ապահովեցին Գ. հանգրուանի իրենց տոմսերը: Երէկուան մրցումներուն յիշատակելի անակնկալներ չարձանագրուեցան: Ստորեւ` Բ. հանգրուանի կարգ մը կարեւորագոյն մրցումներուն արդիւնքները. ՏՂԱՔ Նովաք Տիոքովիչ (Սերպիա, առաջին) - Անտրէյ Քուզնեցով (Ռուսիա) 6-0, 6-1 եւ 6-4: Սթանիսլաւ Վաւրինքա (Զուիցերիա, 4-րդ) - Մարիուս...

Ռոնալտօ. «Ներկայ Դրութեամբ Իպրահիմովիչ Լաւագոյնն Է»

Պրազիլցի ֆութպոլի նախկին աստղ Ռոնալտոյի համաձայն, ներկայ դրութեամբ աշխարհի լաւագոյն յառաջապահը ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբի եւ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչն է: «Իմ անձնական կարծիքս այն է, որ Իպրահիմովիչ աշխարհի լաւագոյն յառաջապահն է: Թէեւ ան կը կրէ թիւ 10 շապիկը, բայց թիւ 9 շապիկը կրողի նման կը խաղայ: Նախորդ տարի ես մեկնեցայ Փարիզ եւ ականատես եղայ...

Page 1266 of 1274 1 … 1,265 1,266 1,267 … 1,274

Արխիւներ