Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը, երբ զուտ լիբանանեան աւարտական ճակատումին իրարու դէմ յանդիման եկան Ռիատի Պէյրութ եւ Սաժես Պէյրութ:
1989-ին առաջին անգամ ըլլալով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ սկսած այս մրցաշարքը ապրեցաւ ամէնէն հետաքրքրական պահը, երբ անոր աւարտական այս մրցումը աւարտեցաւ երկրորդ երկարաձգումէն ետք` 120-118 արդիւնքով, ի նպաստ Ռիատիի:
Նշենք, որ մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան 85-85 արդիւնքով:
Սաժեսէն Թերել Սթոկլին նշանակեց 59 կէտ, իսկ Ռիատիէն Ժամար Եանկ` 48 կէտ: