Պարսելոնա Կը Պատրաստուի Հրաժարիլ «Քաթար Էրուէյզ»-ի Հետ Համագործակցութենէն
Սպանական «Մունտօ Տեփորթիւօ» օրաթերթին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնա ակումբը կը պատրաստուի հրաժարիլ «Քաթար Էրուէյզ» օդանաւային ընկերութեան հետ իր համագործակցութենէն: Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Պարթոմէու յայտարարեց. «Պիտի ընտրենք այլ տարբերակներ: Մենք պարտաւոր ենք այդ մէկը կատարել: Այժմ կը գտնուին ընկերային եւ քաղաքական գործօններ, որոնք 4 տարի առաջ չկային, երբ մենք պայմանագիր կը կնքէինք: Շատ կարեւոր է լաւագոյն տարբերակը ընտրել մեր ակումբին համար»:...





