Նախորդ շաբաթավերջին Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ աւարտեցաւ Սամպոյի աշխարհի բաժակի հանգրուաններէն Նազարպանի միջազգային մրցաշարքը:
Մրցումներուն երկրորդ օրը Աշոտ Դանիէլեան 82 քկ դասակարգին մէջ, յաղթելով իր բոլոր մրցումներուն հասաւ աւարտական, ուր սակայն պարտուելով բաւարարուեցաւ արծաթ մետալով:
Նշենք, որ 52 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկող Տիգրան Կիրակոսեան ոսկի մետալի տիրացած էր մրցաշարքին առաջին օրը: Ան նախորդ տարի հանդիսացած էր Եւրոպայի ախոյեան:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 21 երկիրներու 200 մարզիկներ, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am: