Ռէալ Մատրիտի հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ պրազիլական Քրուզէյրօ ակումբին մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Լուքաս Սիլվա հանդիսացաւ ակումբին միացող նոր մարզիկը:
21 տարեկան ֆութպոլիստը բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք արքայական ակումբին հետ մինչեւ 2020 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
Մայրաքաղաքի կազմը անոր փոխանցման համար Քրուզէյրոյին վճարեց 14 միլիոն եւրօ:
Կը կարծուի, որ Լուքաս Սիլվայի ժամանումով Ռէալ Մատրիտի միջնապահ գիծը կարգ մը հիմնական փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուի: