Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Կասկածելի Յաղթանակ Մը Արձանագրեց ՀՄԸՄ-ի Դէմ

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ (Ա. խմբակին մէջ) երեկոյեան Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: Նշենք, որ մրցումը եղաւ դռնփակ: Դաշտին տէրը` Ռիատի, թէեւ ամէն ճիգ ի գործ դրաւ մրցումը իր հակակշիռին տակ պահելու եւ ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրելու, սակայն ՀՄԸՄ-ի տղոց մօտ զգալի էր պայքարի ոգին` արգելք...

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ներկայացուցիչներէն Չորսը Պարտուեցան

Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Իսրայէլի մէջ, 7-րդ հանգրուանի ճակատումներուն Հայաստանի ինը ներկայացուցիչներէն չորսը պարտութիւն կրեցին: Զաւէն Անդրէասեան, Կարէն Գրիգորեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Հրանդ Մելքումեան պարտուեցան, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Արման Միքայէլեան բաւարարուեցան հաւասարութեամբ: Յաղթանակ արձանագրեցին միայն Վլատիմիր Յակոբեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան: Ստորեւ` դասաւորումը. ԿԷՏ 1.- Անթոն Քորոպով (2647) 5,5 2.- Իան Նեփոմնիաթչի (2620) 5,5...

Հրաչ Եաքան Տեղափոխուեցաւ Սերվեթ

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի նախկին միջնապահ Հրաչ Եաքան տեղափոխուեցաւ Սերվեթ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Զուիցերիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան: Սերվեթի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 26 տարեկան Եաքան մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ:  

Փելլեկրինի Պաշտօնանկ Պիտի Ըլլայ, Եթէ…

Իր լուրը քաղելով «Տը Կարտիըն»-էն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Մանուէլ Փելլեկրինի իր ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ պաշտօնանկ պիտի ըլլայ, եթէ անոր կազմը այս տարեշրջանին չտիրանայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի կամ «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսներէն մէկուն: Այս իրականութիւնը նկատի ունենալով` չիլիցի մարզիչը բաւական դժուար առաքելութիւն մը ունի կատարելիք, այլապէս` պիտի կորսնցնէ իր պաշտօնը: Նշենք, որ Մանչեսթըր Սիթի այժմէն իսկ հետաքրքրուած է երկու...

Եուրա Մովսիսեան Տուպլի Հեղինակ

Թուրքիոյ մէջ Սպարտակ Մոսկուայի ուսումնամարզական հաւաքը աւարտեցաւ ռուսական խումբին արձանագրած վերջին յաղթանակով, երբ անիկա 3-1 արդիւնքով յաղթեց դանիական Աքատեմիսքիին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան դարձաւ տուպլի հեղինակ` իր կոլերը նշանակելով 14-րդ եւ 36-րդ վայրկեաններուն: ArmSport.am կայքը լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Մովսիսեան, որ Ա. կիսախաղէն ետք փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, առաջին անգամ ըլլալով աչքի կ՛իյնայ ընթացիկ ուսումնամարզական հաւաքի մը...

Փելէ. «Ժամանակն Է, Որ Աւստրալիա Հիւրընկալէ Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը»

Ֆութպոլի անցեալի պրազիլցի աստղ Փելէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ժամանակը եկած է, որ Աւստրալիա հիւրընկալէ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Ան նշեց, որ Աւստրալիա միակ ցամաքամասն է, որ չէ հիւրընկալած աշխարհի ախոյեանութիւնը, բայց պատրաստ է ատոր: «Անկասկած, Աւստրալիա կրնայ հիւրընկալել Մոնտիալը: Տարիներ առաջ, երբ հոն էի, մարդիկ կը խօսէին այս ուղղութեամբ: Այժմ համապատասխան ժամանակն է: Աւստրալիոյ մէջ կան հիանալի...

Եուվենթուս Մտադիր Է Թեւեսի Եւ Պիւֆոնի Պայմանագրութիւնները Երկարաձգել

Եուվենթուսի մարզիչ Ճիուզեփփէ Մարոթթա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբը մտադիր է յառաջապահ Քարլոս Թեւեսի եւ բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոնի պայմանագրութիւնները երկարաձգել, անշուշտ եթէ մարզիկները համաձայն գտնուին ատոր: «Անոնք Եուվենթուսի անբաժանելի մասը կը հանդիսանան: Անոնք գերազանց ֆութպոլիստներ են եւ իսկական արհեստավարժներ: Որոշումը իրենք է, որ պէտք է տան: Մեր կողմէ կրնամ ըսել հետեւեալը. ստորագրուած թուղթերը իրենց կը սպասեն», Մարոթթայի...

Վերոնային Չյաղթելու Պարագային` Ինցակի Կրնայ Կորսնցնել Մարզիչի Իր Պաշտօնը

7 մարտին «Քալչիօ»-ի 26-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ա. Սէ. Միլան «Սան Սիրօ» մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Վերոնան: «Լա Կազեթա Տելլօ Սփոր» իտալական մարզաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մրցումը պիտի ըլլայ ճակատագրական Ա. Սէ. Միլանի մարզիչին` Ֆիլիփօ Ինցակիի համար` նկատի ունենալով, որ եթէ անոր կազմը յաղթանակ չկարենայ արձանագրել, ան պիտի կորսնցնէ իր պաշտօնը: Աղբիւրին տեղեկութիւններուն համաձայն, Ինցակիի պաշտօնէն հեռանալէն ետք անոր...

«Էն. Պի. Էյ.» Աթլանթա Հոքս Ապահովեց Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան եօթը մրցումներ: Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Աթլանթա Հոքս, որ 104-96 արդիւնքով յաղթեց Հիուսթըն Ռոքեթցի, հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը: Նշենք, որ այս յաղթանակը Հոքսի համար եղաւ այս տարեշրջանի 48-րդը: Նշենք, որ երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը` 27 կէտ նշանակեց Լեպրըն Ճէյմս երբ անոր կազմը` Քլիվլենտ Քաւալիրզ,...

Պիելսա Շատ Հաւանաբար Նշանակուի Ինթեր Միլանի Մարզիչ

Football-Italia.net կայքին համաձայն, Օլիմփիք Մարսէյի գլխաւոր մարզիչ Մարչելօ Պիելսա շատ հաւանաբար նշանակուի Ինթեր Միլանի մարզիչ` փոխարինելով Ռոպերթօ Մանչինին: Սակայն, այս փոփոխութիւնը տեղի կրնայ ունենալ այս տարեշրջանի աւարտէն ետք միայն, կը նշէ Totalfootball.am` օգտագործելով իտալական կայքին հրապարակած լուրը: Նշենք, որ «Քալչիօ»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ինթեր կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 4 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Ռիատի իր դաշտին` Մանարայի մէջ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը: Նկատի ունենալով, որ Ռիատի կախակայուած է ֆետերասիոնին կողմէ, այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ առանց համակիրի` դռնփակ:

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Ֆետերասիոնին ժողովէն Շաբաթասկիզբին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց արտակարգ եւ մարաթոնային ժողով մը` օրակարգի վրայ ունենալով միայն մէկ հարց, որ կապուած էր Ռիատի - Սաժես պասքեթպոլի մրցումին, որուն ընթացքին տեղի ունեցած էին բազմաթիւ ոչ մարզավայել հարցեր: Այս ժողովը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսարի եւ ֆետերասիոնին անդամներէն 13-ին: Ֆետերասիոնը դիտելէ ետք այդ մրցումին տեսերիզը, լսելէ ետք օրուան...

Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Յաղթեց Վրաստանին

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի 14 եւ 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականները այս շաբաթասկիզբին մեկնեցան Այա Նափա (Կիպրոս)` մասնակցելու համար «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի զարգացման մրցաշարքին: Երէկ 15 տարեկանէն վար հաւաքականը կատարեց իր առաջին մրցումը` ճակատելով Վրաստանի իր հասակակիցներուն դէմ: Հայրենի կազմը նուազագոյն հաշիւով` 1-0 արդիւնքով յաղթեց Վրաստանի: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Էրիք Աւետիսեան, կը յայտնէ հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am:  

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պլու Սթարզ Եւ Հուփս – Շանվիլ Կիսաւարտականի Ճակատումներ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց յայտագիրը Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց տարիքային ախոյեանութեան (2001-2002-ի ծնունդ) կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան կիրակի, 8 մարտին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ: Յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Պլու Սթարզի դէմ, իսկ ժամը 14:30-ին տեղի կ՛ունենայ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը, որ իրարու դէմ կը հանէ Հուփսը եւ Շանվիլը:

Ալեն Ստեփանեան Տեղափոխուեցաւ Ճիպրալթարի Ախոյեանութիւն

Ալեն Ստեփանեան Տեղափոխուեցաւ Ճիպրալթարի Ախոյեանութիւն

Ալեն Ստեփանեան (աջէն` երկրորդը) 23 տարեկան հայ միջնապահ Ալեն Ստեփանեան տեղափոխուեցաւ Ճիպրալթարի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցող Պրիթանիա ակումբ, կը յայտնէ Totalfootball.am կայքը: Ալեն Ստեփանեան Էսթոնիոյ քաղաքացի է եւ հոն հանդէս եկած է տարիքային տարբեր հաւաքականներուն հետ: Հակառակ երիտասարդ տարիքին, Ստեփանեան կրցած է հանդէս գալ էսթոնական, լաթվիական եւ ֆինլանտական 10 տարբեր ակումբներու հետ: Նշենք, որ Պրիթանիա կը գրաւէ Ճիպրալթարի ախոյեանութեան 8-րդ եւ...

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Գաբրիէլ Սարգսեան Բարձրացաւ 3-րդ Դիրք

Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Իսրայէլի մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգսեան յաղթելէ ետք Ռոպերթ Քեմփինսքիի, ապահովեց մրցաշարքի իր 5-րդ կէտը եւ ընդհանուր դասաւորման մէջ բարձրացաւ 3-րդ դիրք: Անոր նման 5-ական կէտ ունին նաեւ երեք ուրիշներ: Յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Արման Միքայէլեան: Նշենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 250 ճատրակ խաղացողներ: Ստորեւ` դասաւորումը, 6-րդ հանգրուանի...

Արարատի Ֆութպոլիստը Հրաւիրուեցաւ Իրանի Ուսանողական Հաւաքական

Իր լուրը քաղելով իրանեան մամուլէն` Totalfootball.am հաղորդեց, որ Իրանի ֆութպոլի ուսանողական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ֆարշատ Քարամի հրապարակեց իր ընդլայնուած կազմը, որուն մաս կը կազմեն 52 ֆութպոլիստներ: Այդ հրաւիրուածներուն կարգին է Արարատ Երեւանի յետսապահ Մոնթէ Աբրամեան:

Հեքթոր Քուփըր Նշանակուեցաւ Եգիպտոսի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Արժանթինցի ֆութպոլի մասնագէտ Հեքթոր Քուփըր նշանակուեցաւ Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, յայտնեց Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնը: Ֆետերասիոնի նախագահ Ազմի Մուժահետ յայտարարեց, որ եթէ Քուփըր չյաջողի Եգիպտոսի համար 2018-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուանին տոմս մը ապահովել, ապա ուրեմն անոր հետ պայմանագրութիւնը պիտի խզուի: 59 տարեկան Քուփըր Վալենսիայի հետ 2 անգամ հասաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին, առանց սակայն կարենալ տիտղոսին տիրանալու: Նշենք, որ...

Թենիս. Էնտի Միւրէյ Նահանջեց 5-րդ Դիրք

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, տղոց առաջին տասնեակին մէջ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, մինչ աղջկանցը մնաց անփոփոխ: Անգլիացի Էնտի Միւրէյ, որ կը գրաւէր 3-րդ դիրքը, նահանջեց 5-րդ դիրք: Ստորեւ` նոր դասաւորումը (փակագիծերուն մէջ` մարզիկներուն գրաւած նախկին դիրքը). ՏՂԱՔ  ԿԷՏ 1.- (1) Նովաք Տիոքովիչ (Սերպիա) 13,165 2.- (2) Ռոժէ Ֆետերեր (Զուիցերիա) 9205 3.- (4) Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա) 5675 4.-...

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզի 12-րդ Պարտութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան հինգ մրցումներ: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ ամէնէն քիչ պարտութիւն կրող խումբն էր, Պրուքլին Նեթցէն կրեց տարեշրջանի իր 12-րդ պարտութիւնը` 110-108 արդիւնքով: Նշենք, որ նոյնքան պարտութիւն կրած է Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Աթլանթա Հոքս, որ սակայն յաղթանակ մը աւելի արձանագրած է Արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը գրաւող Ուորիըրզէն: Թորոնթօ Ռեփթըրզ 114-103 արդիւնքով...

Page 1250 of 1274 1 … 1,249 1,250 1,251 … 1,274

Արխիւներ