Մարզական

Յունահռոմէական Ոճի Հայ Ըմբիշներուն Վարկանշային Դիրքերը

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց յունահռոմէական ոճի ըմբիշներուն վարկանշային դիրքերը: ArmSport.am լրատուական կայքը հաղորդեց, որ ըստ դասակարգերու, 20 լաւագոյն ըմբիշներուն ցանկերուն մէջ հայ մարզիկները կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. 71 քկ դասակարգին մէջ Վարշամ Փորանեան 5-րդ դիրքէն նահանջեց 8-րդ դիրք: 75 քկ դասակարգին մէջ աշխարհի գործող ախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան կը շարունակէ զիջիլ միայն ասիական խաղերու գործող ախոյեան Քիմ Հիուն Վույին:...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5-3 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Սաքաֆի Շըհիմէն

Լիբանանի ֆութպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Լեռնալիբանանի նահանգին, երէկ Անսարի դաշտին վրայ մրցեցաւ Սաքաֆի Շըհիմի դէմ: Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ 3-1 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը, սակայն Սաքաֆի Շհիմ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 5-3 արդիւնքով: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Նժդեհ Գազեզեան նշանակեց 2 կոլ:

Գեղասահք. Սլաւիկ Հայրապետեան Հանդիսացաւ Վերջին

Նախորդ շաբաթավերջին Էսթոնիոյ մէջ աւարտեցաւ գեղասահքի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութիւնը: Վերջին օրը տեղի ունեցաւ տղոց մենասահքը, որուն մասնակցելու իրաւունք ձեռք ձգած էր Հայաստանի ներկայացուցիչ Սլաւիկ Հայրապետեան: Դժբախտաբար 18 տարեկան գեղասահորդը լաւագոյն 24 մարզիկներուն մէջ ապահովելով 80,11 կէտ, գրաւեց վերջին դիրքը: ArmSport.am լրատուական կայքը նշեց, որ նախորդ տարուան համեմատած, հայ մարզիկներուն ելոյթները յառաջդիմութիւն արձանագրեցին: Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Անասթասիա Գալուստեան (16 տարեկան),...

Ֆութսալ. Պէյրութի Դրամատունը Տիրացաւ Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը եւ Լիբանանեան բանակը, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 5-1 արդիւնքով: Պէյրութի դրամատունը այսպիսով հեթրիք մը իրագործեց` նկատի ունենալով, որ անիկա նախապէս տիրացած էր Լիբանանի գերբաժակի մրցաշարքին եւ Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսներուն: Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շըհաֆ,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ Այսօր` Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 7 մարտին, տեղի կ՛ունենայ Անդրանիկ Պէյրութ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ): Այս մրցումը սկզբունքով պիտի սկսէր երեկոյեան ժամը 20:00-ին: Սակայն Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը եկաւ տեղեկացնելու, որ այս մրցումը պիտի սկսի աւելի կանուխ, այսինքն` փոխան ժամը 20:00-ին, անիկա սկիզբ պիտի առնէ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 8 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի Սայտա, ուր հիւրը կ՛ըլլայ Ահլի Սայտայի: Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ-ի խումբին համար յաղթանակը կը նկատուի շատ կարեւոր, որովհետեւ այդ երեք կէտերուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ ամուր կառչած մնալ երկրորդ դիրքին եւ ինչու...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Շաբաթավերջին` Թեթեւ Ճակատումներ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Աթլեթիքօ Մատրիտ – Վալենսիա

Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունենալիք մրցումներուն ծիրին մէջ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը կը խոստանայ ըլլալ Աթլեթիքօ Մատրիտ - Վալենսիա հանդիպումը: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց գրաւած դիրքերը` ընդհանուր դասաւորման մէջ):   ՔԱԼՉԻՕ. 26-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ԱՅՍՕՐ                                                                                                                              ԺԱՄ Սամտորիա (6) - Քալիարի (18)                                             19:00 Ա. Սէ. Միլան (10) - Հելաս Վերոնա...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Շանվիլ 107-99 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Իր Հիւրէն` Թատամոնէն

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ 107-99 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Իր Հիւրէն` Թատամոնէն

Շանվիլ - Թատամոն երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, երբ Բ. խմբակին մէջ Շանվիլ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրընկալեց Թատամոնը: Մրցումը աւարտեցաւ երկարաձգումէն ետք, երբ Ղասսան Սարգիսի կազմը` Շանվիլ, 107-99 արդիւնքով պարտուեցաւ Թատամոնէն: Նշենք, որ մրցումին 40 վայրկեանները աւարտեցան 91-91 հաւասարութեամբ, իսկ երկարաձգումին Թատամոն նշանակեց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պլու Սթարզ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց տարիքային ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 2001-2002-ի ծնունդ կիսաւարտականի մրցումները տեղի կ՛ունենան վաղը` կիրակի, 8 մարտին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ: Առաջին ճակատումին, որ պիտի սկսի ժամը 13:00-ին, իրարու դէմ պիտի մրցին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Պլու Սթարզ: Անոր պիտի յաջորդէ Հուփս - Շանվիլ մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 14:30-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները` աւարտականի...

Ճատրակ.  Շաբաթավերջին Կ՛աւարտի Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւնը

Ճատրակ. Շաբաթավերջին Կ՛աւարտի Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւնը

Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենան վերջին երկու` 10-րդ եւ 11-րդ հանգրուանի ճակատումները: 9-րդ հանգրուանին հայրենի չորս կրանտմասթըրներ Զաւէն Անդրէասեան, Կարէն Գրիգորեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Հրանդ Մելքումեան արձանագրեցին յաղթանակներ, իսկ Գաբրիէլ Սարգսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Արման Միքայէլեան` հաւասարութիւն: Վլատիմիր Պօղոսեան միակն ըլլալով պարտութիւն կրեց: 9-րդ հանգրուանէն ետք...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Յայտագիր

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Յայտագիր

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի մրցումները, որ տեղի ունեցան շաբաթ, 28 փետրուար 2015-ին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, տուին հետեւեալ արդիւնքները. 3-րդ Հանգրուան - Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան - Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան  (Մեծ) 3 / 2 - Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան - Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան (Մեծ) 7...

Պասքեթպոլ. Սթիւ Նեշ Աւարտեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Լոս Անճելըս Լէյքըրզի խաղացող Սթիւ Նեշ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ վերջ մը կը դնէ պասքեթպոլի իր արհեստավարժ ասպարէզին, հակառակ անոր որ կը փափաքէր «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան այս տարեշրջանը ամբողջացնել: «Դժբախտաբար կու գամ հեռանալու պասքեթպոլի աշխարհէն, որովհետեւ միշտ վնասուածքներ ստանալով չեմ կրնար մրցումներու մասնակցիլ: Եթէ մրցումի մը մասնակցիմ, անդին մէկ ամիսով կը բացակայիմ դաշտերէն: Մէջքիս հետ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը եւ իր որոշումները տալէ ետք, վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 12-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ). Սալամ Զղարթա - Թրիփոլի` 1-0, Ախա Ահլի Ալէյ - Անսար` 1-0, Ահտ - Թատամոն Սուր` 2-1, Նըժմէ - Ռասինկ` 3-0, Նեպի Շիթ - Շապապ Սահել`...

Վաչէ Ծատուրեան Վերընտրուեցաւ Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Վաչէ Ծատուրեան Վերընտրուեցաւ Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Նախագահ

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը գումարեց իր համագումարը, որուն ներկայ գտնուեցան քուէարկութեան իրաւունք ունեցող եօթը ակումբներէն վեցը: Ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան հրաւիրեց ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատերը, որ 2014 տարուան ընդհանուր զեկուցումը փոխանցէ: Ժողովականները համաձայն գտնուեցան, որ 3-31 մարտին տեղի ունենան մարզիկներու ազատ փոխանցումները: Աւարտին որոշուեցաւ կայացնել ֆետերասիոնին նոր ընտրութիւնները` նկատի...

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Գաբրիէլ Սարգսեան` 7-րդ Դիրքին Վրայ

Գաբրիէլ Սարգսեան Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, հայրենի ճատրակ խաղացողներէն վեցը հաւասարութիւններ արձանագրեցին իրենց մրցակիցներուն հետ: Գաբրիէլ Սարգսեան, որ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Անտրէյ Վոլոքիթինի հետ, այժմ 6 կէտով կը գտնուի 7-րդ դիրքին վրայ: Առաջին դիրքը կը գրաւէ Իան Նեփոմնիաչի, որ ապահոված է 6,5 կէտ: Հրանդ Մելքումեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Արման...

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Յաղթեց. Ուեսթպրուք Նշանակեց 49 Կէտ

Ռասըլ Ուեսթպրուք «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 13 մրցումներ, որոնցմէ երկուքը աւարտեցան երկարաձգումէն ետք: Օքլահոմա Սիթի երկարաձգումէն ետք 123-118 արդիւնքով յաղթեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի: Երկրորդ մրցումին, որ ենթարկուեցաւ վերինին ճակատագիրին, Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 98-93 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզը: Օքլահոմայի արձանագրած յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Ռասըլ Ուեսթպրուք, որ նշանակեց 49 կէտ: Թէեւ երէկ...

Հայ Ճատրակ Խաղացողներուն Մասնակցութիւնը` Աշխարհի Աղջկանց Ախոյեանութեան

16 մարտին Սոչիի մէջ (Ռուսիա) սկիզբ կ՛առնէ աշխարհի ճատրակի աղջկանց ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ նաք-աութի դրութեամբ: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հայրենի կրանտմասթըրներ Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ միջազգային վարպետ Տաթեւ Աբրահամեան (Միացեալ Նահանգներ): Ա. հանգրուանին, ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կայքը` armchess.am, Դանիէլեան պիտի մրցի Եանիեթ Մարերօ Լոփեզի (Քուպա) դէմ, Մկրտչեան` Ալեքսանտրա Կորիաչքինայի (Ռուսիա) դէմ,...

Չաւի Համաձայն Գտնուեցաւ Դառնալու Վիյայի Եւ Լամփարի Խմբակից

Քաթալոնիական Պարսելոնայի միջնապահ Չաւի այս տարեշրջանին աւարտէն ետք շատ հաւանաբար տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ եւ մաս կազմէ «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Նիւ Եորք Սիթիի: Ըստ շրջան ընող տեղեկութիւններուն, այս հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է 35 տարեկան ֆութպոլիստին ներկայացուցիչներուն եւ ամերիկեան ակումբին միջեւ. համաձայնութեան գոյացման ներկայ եղած է նաեւ նոյնինքն Չաւի: Եթէ պատահի, որ Չաւի միանայ Նիւ Եորք Սիթիի, ան իրեն խմբակից պիտի...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ»-ի Մրցաշարք. Լիբանան Այսօր Կը Սկսի Ճակատիլ Թայուանի Դէմ

Այսօր կը սկսին Ասիա - Ովկիանիա շրջանի թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին ճակատումները, որոնց ընթացքին Լիբանան կը մրցի Թայուանի դէմ (մինչեւ շաբաթավերջ): Լիբանանի մարզիչն է Հիւսէյն Պատրէտտին, իսկ մարզիկները` Քարիմ Ալայլի, Իպրահիմ Ապու Շահին եւ Նուր Նաամէ: Նշենք, որ վերջինս փոխարինեց Փաթրիք Շըքրին, որ մրցաշարքին պիտի չկարենայ մասնակցիլ: Նշենք, որ Լիբանան յաղթէ կամ պարտուի յաջորդ հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սրի...

Ֆութսալ. Այսօր` Պէյրութի Դրամատուն – Լիբանանեան Բանակ Աւարտական Մրցումը

Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), այսօր` հինգշաբթի, 5 մարտին, տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը ճակատին Պէյրութի դրամատունը եւ լիբանանեան` բանակը: Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը պիտի փորձէ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տուպլէ մը իրագործել` տիրանալով անոր: Իսկ Լիբանանեան բանակը, որ երեք անգամ հասաւ այս մրցաշարքի աւարտականին եւ երկու տարի...

Page 1249 of 1274 1 … 1,248 1,249 1,250 … 1,274

Արխիւներ