Իր լուրը քաղելով «Տը Կարտիըն»-էն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Մանուէլ Փելլեկրինի իր ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ պաշտօնանկ պիտի ըլլայ, եթէ անոր կազմը այս տարեշրջանին չտիրանայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի կամ «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսներէն մէկուն:
Այս իրականութիւնը նկատի ունենալով` չիլիցի մարզիչը բաւական դժուար առաքելութիւն մը ունի կատարելիք, այլապէս` պիտի կորսնցնէ իր պաշտօնը:
Նշենք, որ Մանչեսթըր Սիթի այժմէն իսկ հետաքրքրուած է երկու մարզիչով: Անոնք են` Եոսիփ Կուարտիոլա (Պայէրն Միւնիխ) եւ Ռաֆայէլ Պենիթես (Նափոլի):