«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան հինգ մրցումներ:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ ամէնէն քիչ պարտութիւն կրող խումբն էր, Պրուքլին Նեթցէն կրեց տարեշրջանի իր 12-րդ պարտութիւնը` 110-108 արդիւնքով:
Նշենք, որ նոյնքան պարտութիւն կրած է Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Աթլանթա Հոքս, որ սակայն յաղթանակ մը աւելի արձանագրած է Արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը գրաւող Ուորիըրզէն:
Թորոնթօ Ռեփթըրզ 114-103 արդիւնքով յաղթեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին: Յաղթական կազմին մաս կազմող Տեմար Տերոզա նշանակեց 35 կէտ:
Մայեմի Հիթ յաղթեց Ֆէոնիքս Սանզի (115-98), Լոս Անճելըս Քլիփըրզ` Մինեսոթա Վուլվզի (110-105), իսկ Տալաս Մավըրիքս` Նիւ Օրլինզի (102-93):
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Պոսթըն Սելթիքս
Նիւ Եորք Նիքս – Սաքրամենթօ Քինկզ
Աթլանթա Հոքս – Հիուսթըն Ռոքեթց
Շիքակօ Պուլզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ
Տենվըր Նակեթց – Միլուոքի Պաքս