Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Կասկածելի Յաղթանակ Մը Արձանագրեց ՀՄԸՄ-ի Դէմ

Մարտ 5, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
PROFOTO
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ (Ա. խմբակին մէջ) երեկոյեան Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: Նշենք, որ մրցումը եղաւ դռնփակ:

Դաշտին տէրը` Ռիատի, թէեւ ամէն ճիգ ի գործ դրաւ մրցումը իր հակակշիռին տակ պահելու եւ ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրելու, սակայն ՀՄԸՄ-ի տղոց մօտ զգալի էր պայքարի ոգին` արգելք հանդիսանալու ատոր:

Թէեւ վերջնական արդիւնքը եղաւ ի նպաստ Ռիատիի` 100-99 արդիւնքով (26,23, 54-46, 77-66 եւ 100-99), սակայն անոր արձանագրած այս յաղթանակը եղաւ կասկածելի:

Մրցումին աւարտէն քանի մը երկվայրկեան առաջ, ՀՄԸՄ առաջ անցաւ 99-98 արդիւնքով: Գնդակը հասնելով Ռիատիի մէկ մարզիկին, հիւրընկալ կազմը նշանակեց իր յաղթանակի կողովը, որ սակայն եղաւ քիչ մը անարդար, որովհետեւ երբ գնդակը կ՛ուղղուէր դէպի կողով, արդէն իսկ ժամանակը աւարտած էր:

Մրցումին հսկող ֆետերասիոնին անդամը նկատի չառաւ ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներուն բողոքը, փակեց սքորշիթը` յայտնելով, որ Ռիատի եղաւ մրցումին վերջնական յաղթականը:

Յամենայն դէպս, թէեւ երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ անարդար պարտութիւն մը կրեց, սակայն յաջողեցաւ ինքզինք լաւապէս պարտադրել եւ պասքեթպոլի բաւական լաւ դաս մը տալ Ռիատիի:

Նշենք, որ այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի հետ դաշտ ներկայացաւ նախորդ տարեշրջանի մարզիկ Տիոն Տիքսըն, որ փոխարինեց Ռաշատ Մաքքանցը:

Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն դաշտ ներկայացած կազմը` անոնց կողմէ նշանակուած կէտերով.

Մարիօ Ապպուտ (6′ 22″, 2 կէտ, 2 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (35′ 48″, 5 կէտ, 7 ռիպաունտ), Մայք Ֆրէյզըր (40′ 00″, 26 կէտ, 16 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (14′ 23″, 12 կէտ, 2 ռիպաունտ), Ճիմի Սալեմ (29′ 48″, 7 կէտ, 1 ռիպաունտ), Տիոն Տիքսըն (40′ 00″, 35 կէտ, 4 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (33′ 37″, 12 կէտ, 5 ռիպաունտ):

Ռիատիէն Ժերեմիա Մասէյ նշանակեց 31 կէտ (38′ 32″), իսկ Ֆատի Խաթիպ` 27 կէտ (40′ 00″):

Օրուան իրաւարարներն էին` Ատել Խուէյրի, Ռիշար Հաժ եւ Փոլ Սքայեմ:

Այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Սաժես Ղազիրի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հուփսը (Բ. խմբակ):

Նշենք, որ նախանցեալ օր Պիպլոս 86-84 արդիւնքով յաղթեց Մութթահետին (Ա. խմբակ):

 

Նախորդը

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ներկայացուցիչներէն Չորսը Պարտուեցան

Յաջորդը

Ֆութսալ. Այսօր` Պէյրութի Դրամատուն – Լիբանանեան Բանակ Աւարտական Մրցումը

RelatedPosts

Ժիւտօ.  Ֆերտինանտ Կարապետեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի  Իր Մրցակիցին Եւ Շատ Հաւանաբար  Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան
Մարզական

Ժիւտօ. Ֆերտինանտ Կարապետեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Շատ Հաւանաբար Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Մարտ 29, 2023
Ճատրակի Մրցաշարք` ՀՄԸՄ Պէյրութի Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ
Մարզական

Ճատրակի Մրցաշարք` ՀՄԸՄ Պէյրութի Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ

Մարտ 29, 2023
Միջազգային ֆութպոլ. Հայաստան-Կիպրոս՝ 2-2
Մարզական

Միջազգային ֆութպոլ. Հայաստան-Կիպրոս՝ 2-2

Մարտ 29, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In